Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբիսողոմեան. «Համաձայնագիրի Ստորագրման Պահէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան Կարիք Պիտի Չըլլայ»

March 28, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գոյութեան վերջ տալ, ապա ամէնէն տրամաբանական եւ օրինական կարճ ճամբան` համաձայնագիրի ստորագրումն է: 26 մարտին Վիեննայի մէջ Հայաստանի խնդրանքով հրաւիրուած ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոպերթ Աբիսողոմեան:

Ան շեշտած է, թէ Մինսքի հոլովոյթի կառոյցներու հետագայ գործունէութեան կարիք պիտի չըլլայ այն պահէն, երբ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի` պաշտօնական եւ հաստատութենական կերպով արձանագրելով տագնապին աւարտը: Հակառակ պարագային, ըստ արտաքին գործոց փոխնախարարին, ատիկա պիտի նշանակէ կառքը ձիէն առաջ դնել:

Անդրադառնալով Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու Պաքուի միւս պահանջին` Աբիսողոմեան նախ վկայակոչած է Սահմանադրական դատարանի 26 սեպտեմբեր 2024-ի որոշումը, ապա շեշտած` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը չի բովանդակեր որեւէ կէտ, որ կրնայ ենթադրել տարածքային պահանջ որեւէ երրորդ երկրի նկատմամբ:

Միեւնոյն ժամանակ, արտաքին գործոց փոխնախարարը նկատած է` իրականութեան մէջ, մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ինքնին Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը, որովհետեւ կը բովանդակէ կէտեր, որոնք կ՛ենթադրեն Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ:

«Ազրպէյճանի սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի անկախութեան հռչակագիրին, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճանի առաջին հանրապետութիւնը կ՛ընդգրկէ Արեւելեան եւ Հարաւային Անդրկովկասը: 1919 թուականի նոյեմբերին Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը Անթանթին ներկայացուցած է իր վարչատարածքային քարտէսը, որուն մէջ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին շուրջ 60 առ հարիւրը ներառուած էր Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այսպիսով, Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը կը բովանդակէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջներ», յայտարարած է Աբիսողոմեան:

Իսկ թէ ինչո՛ւ Երեւանը չի բարձրացներ Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը փոխելու անհրաժեշտութեան հարցը, արտաքին գործոց փոխնախարարը բացատրած է, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ ներառուած է յօդուած, որուն համաձայն, կողմերը չեն կրնար յղում կատարել իրենց ներքին օրէնսդրութեան` համաձայնագիրի չկատարումը արդարացնելու նպատակով:

«Մէկ այլ յօդուած կը սահմանէ, որ կողմերը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, չունին իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներ եւ կը պարտաւորուին ապագային եւս նման պահանջներ չներկայացնել: Աւելի՛ն, թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու սահմաններու ծիրին մէջ», շեշտած է Աբիսողոմեան:

Արտաքին գործոց փոխնախարարը յիշեցուցած է` Հայաստանի գերիշխան տարածքին աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթրը կը գտնուի Ազրպէյճանի բռնագրաւումին տակ` ընդգծելով, որ Հայաստանը բարձրագոյն մակարդակով աներկբայ յայտարարած է, որ չի ձգտիր այս հարցը լուծել զինուորական ճամբով:

«Սահմանազատման ընթացիկ հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնականացուած բովանդակութիւնը կ՛ընդգրկեն բոլոր անհրաժեշտ մեքանիզմները այս հարցի խաղաղ եւ իրաւական ճամբով հասցէագրման համար: Այսպիսով, Հայաստանը լիովին հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ կը շարունակէ գործել այդ սկզբունքներուն համաձայն», ըսած է Ռոպերթ Աբիսողոմեան` վերահաստատելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ազրպէյճանական կողմին կ՛առաջարկէ փաստաթուղթի ստորագրման ժամկէտներու եւ վայրի շուրջ խորհրդակցութիւններ սկսիլ:

«Մենք խաղաղութեան կ՛երթանք, ոչ թէ` պատերազմի», եզրափակած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Նախորդը

Ամիրպեքով. «Հայաստանի Հանրապետութեան Խաղաղութեան Համաձայնութեան Դիմելու Դրդող Գործօններէն Մէկը Գիտակցումն Է, Որ Այդ Կարելիութիւնը Յաւերժ Պիտի Չըլլայ, Զայն Փախցնելը Սխալ Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Օվերչուք. «Հայաստանը Պէտք Է ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ընտրութիւն Կատարէ. Կարելի Պիտի Չըլլայ 2 Աթոռի Վրայ Նստիլ»

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.