Ազրպէյճանական կողմը Հայաստանին կոչ ուղղած է արագացնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հոլովոյթը` ընդգծելով, որ այդ կարելիութիւնը յաւերժ պիտի չըլլայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին արժանթինեան «Փերֆիլ» հրատարակութեան յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
«Հայաստանին խաղաղութեան համաձայնութեան դիմելու դրդող գործօններէն մէկը գիտակցումն է, որ այդ կարելիութիւնը յաւերժ պիտի չըլլայ, զայն փախցնելը սխալ պիտի ըլլայ», ըսած է Ամիրպեքով:
Ազրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչին համաձայն, մարտին աւարտած բանակցութիւնները, որոնք նուիրուած էին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան, պայմաններ կը ստեղծեն յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ դիւանագիտական կապերու հաստատման համար:
«Սակայն անոր համար Հայաստանը պէտք է փոփոխութիւններ կատարէ իր սահմանադրութեան մէջ, հրաժարի մեր երկրին նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններէն եւ օտար ուժերը դուրս բերէ սահմանամերձ շրջաններէն: Խաղաղութեան պայմանագիրը ոչ թէ վերջն է, այլ սկիզբը: Խաղաղութիւնը կը կառուցուի ոչ թէ յայտարարութիւններու, այլ շօշափելի քայլերու վրայ», ըսած է Ամիրպեքով: