Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Մեկնաբանած Է Միացեալ Նահանգներու Հայաստան Սպառազինութիւն Տեղափոխելու Մտադրութեան Մասին Տեղեկութիւնը

March 27, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուա Երեւանէն տեղեկութիւն խնդրած է Միացեալ Նահանգներու Հայաստան սպառազինութիւն տեղափոխելու մտադրութեան մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք տեսած ենք այդ հրապարակումները եւ անմիջապէս մեր հայ գործընկերներուն հարցուցած: Նախնական առումով մեզի յայտնած են, որ նման պաշտօնական հարցումներ Ուաշինկթընէն չեն ստացուած», ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Եթէ տեղեկութիւնը հաստատուի, ապա այդ պիտի դառնայ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապակայունացնող գործօն եւ հաւաքական Արեւմուտքի ճակատման ծրագիրները շրջան տեղափոխելու փորձ», նշած է ան:

«Մենք, անշուշտ, պիտի հետեւինք այս նիւթին», ընդգծած է Զախարովա:

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Գերմանիոյ մէջ գտնուող իրենց ռազմակայաններէն մէկէն սպառազինութիւն եւ փոխադրական միջոցներ տեղափոխել Հայաստան: «Ռաշա Թուտէյ»-ի ուսումնասիրած փաստաթուղթերուն համաձայն, փոխադրումները կը նախատեսուի իրականացնել Վրաստանի տարածքով: Չի բացառուիր, որ այս գործողութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ Փենթակոնի եւ հայկական բանակի հաւանական միացեալ ռազմափորձերուն հետ:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու պետական գնումներու կայքին, Միացեալ Նահանգներու բանակի գումակային հրամանատարութիւնը կը նախատեսէ Գերմանիոյ Տուլմենի ռազմակայանէն սպառազինութիւն տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ զօրամասի «Զառ» ուսումնական կեդրոն:

Տեղափոխումը նախատեսուած էր 16 յուլիսին: Կը սպասուի, որ ատիկա տեւէ մինչեւ 7 օգոստոս:

Սպառազինութեան Գերմանիա վերադարձը, ինչպէս նշուած է փոխադրական ծառայութիւններու մատուցման նուազուրդին մէջ, նախատեսուած է 21 օգոստոսէն 20 սեպտեմբեր 2025 երկարող ժամանակահատուածին մէջ: Սակայն նուազուրդը ունի պայման` սպառազինութիւնը չի կրնար տեղափոխուիլ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի տարածքով` «դիւանագիտական արտօնութիւններու առնչուած դժուարութիւններու պատճառով»:

Ընդհանուր առմամբ, կը նախատեսուի տեղափոխել 151 միաւոր սպառազինութիւն, ներառեալ փոխադրամիջոցներ, ելեկտրական շարժակներ եւ մասնագիտացած բեռնարկղեր:

Նախորդը

Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Համաձայնութիւն Գոյացուցին Սեւ Ծովուն Մէջ Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

Յաջորդը

«Փրական Կը Վերահաստատէ Արդար Եւ Կայուն Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Իր Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Չեխիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.