Չեխիան կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ արդար եւ տեւական ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրին իր աջակցութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փեթր Փիրունչիք` նշելով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու արդիւնքը միայն խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ըլլայ:
13 մարտին տեղի ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, դեսպանը նշած է, որ ուշադիր հետեւած են իրադարձութիւններու զարգացման եւ տեղեկացուած են խաղաղութեան համաձայնագիրի տարբեր առաջարկներու փոխանակման մասին:
Դեսպանը ըսած է, որ իրենք հպարտ են, որ Չեխիան կրնայ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան զգալի մաս ըլլալ: «Ներկայիս 7 չեխեր հպարտութեամբ կը ծառայեն առաքելութեան կազմին մէջ», նշած է դիւանագէտը` կրկնելով. «Մենք` չեխերս, պիտի ուզէինք խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս տեսնել»:
Չցանկալով մեկնաբանել Եւրոպական Միութեան առաքելութեան շուրջ Պաքուի դժգոհութիւնները` դեսպանը պարզապէս յիշեցուցած է, որ առաքելութիւնը դիտորդական է, որուն հիմնական նպատակն է նպաստել աւելի անվտանգ շրջանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան անդամակցելու մասին օրինագիծին` դեսպանը ողջունած է նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, թէ իրենք անիկա մեծ մասամբ կը նկատեն Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման Հայաստանի շահագրգռուածութեան ազդանշան:
«Հայաստանի ժողովուրդը կ՛ուզէ լաւ կեանք ապրիլ եւ հետաքրքրուած է Եւրոպական Միութեամբ: Նոյն ատեն, կան չափանշային ընթացակարգեր, թէ երկիր մը ինչպէ՛ս կը դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ: Մինչեւ հիմա, չափանշային ընթացակարգերը չեն սկսած: Բայց եւ այնպէս, մենք կ՛ընդունինք Հայաստանի հաւատարմութիւնը եւրոպական արժէքներուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան աշխուժացման ուղիին», ըսած է Չեխիոյ դեսպանը: