Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Որեւէ Մագլցում Անընդունելի Է»

March 27, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ որեւէ մագլցում անընդունելի է: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ այս մասին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համակարծիք եղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ըստ ամերիկեան կողմին, Ռուպիոն ու Փաշինեանը իբրեւ ռազմավարական գործընկերներ քննարկած են հասարակաց շահերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ համաձայնութիւնը եւ ընդգծած կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը` շրջանային տագնապներու շրջափուլը բեկանելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւն հաստատելու համար:

Հայկական կողմը երեքշաբթի օր հաղորդեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փաշինեան Ռուպիոյին ներկայացուցած է բանակցային հոլովոյթները, որոնց հիմամբ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութիւն գոյացաւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ: Փաշինեան ընդգծած էր, որ նախագիծը կը սպասէ ստորագրութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը համաձայնած են շարունակել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւնները:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Մեկնարկի Մասին Օրինագիծը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.