Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկայի Բաժակ. Սպանիա Եւ Ֆրանսա Փենալթիներով Հասան Կիսաւարտական

Մարտ 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր Եւրոպայի Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտականի գծով շատ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան:

Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա, որ երթին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Նետերլանտներու հետ իր դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթել եւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք պէտք ունեցաւ փենալթիներու, որ վճռեց վերջնական յաղթականը:

Մրցումի ընթացքին ալ եղան փենալթիներ,  որոնց շնորհիւ Միքել Օյարսապալ (Սպանիա),  Մեմֆիս Տեփայ (Նետերալնտներ) եւ Չաւի Սիմընզ (Նետերլանտներ) կոլեր նշանակեցին,  մինչ Օյարսապալ եւ Եամալ երկու այլ կոլեր ալ նշանակեցին Սպանիոյ հաշուոյն, իսկ յետսապահ Իան Մաաթսեն նշանակեց Նետերլանտներու 2-րդ կոլը:

Երթի նման մրցումը 2-2 արդիւնքով աւարտելէ ետք, երկարաձգման Լամին Եամալ եւ Սիմընզ նշանակեցին մէկական կոլեր:

Փենլաթիներուն, Միքել Մերինօ, Ֆեռան Թորրես, Ալեքբ Կարսիա եւ Ալեքս Պայենա նշանակեցին Սպանիոյ փենալթիները, մինչ Լամին Եամալի փենալթին (4-րդ) զսպեց Պարթ Վերպրիւկըն (Նետերլանտներ): Նոա Լանկ իր կարգին կորսնցուց Նետերլանտներու 4-րդ փենալթին, երբ Սպանիոյ բերդի սիւնին հարուածեց գնդակը: Վան Տայք, Քուփմէյնըրս, Սիմընզ եւ Քենեթ Թէյլըր նշանակեցին մնացեալ փենալթիները:

6-րդ փենալթին կոլի վերածեց Փետրին, մինչ Ունայ Սիմոն զսպեց Տոնյել Մալենի փենալթին, եւ Սպանիա հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ 5 յունիսին:

Ֆրանսա, որ երթին Խրուաթիոյ դէմ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, առաջին կիսախաղին 1 լուրջ առիթ ունեցաւ, եւ դաշտը գտնուող համակիրները գրեթէ յոյս չունէին, որ Օլիսէ, Էմպափէ եւ ընկերներ կրնան դրական արդիւնք ձեռք ձգել:

52-րդ վայրկեանին, Պայէրն Միւնիխի ծայրի յառաջապահ Մայքըլ Օլիսէ անզսպելի ազատ հարուածով նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը:

80-րդ վայրկեանին, այս անգամ Օլիսէի ճշգրիտ փոխանցումէն օգտուելով, Օսման Տեմպելէ նշանակեց Ֆրանսայի 2-րդ կոլը` հաւասարեցնելով մրցումներուն արդիւնքները:

Երկարաձգումին Էմպափէ առիթ մը կորսնցուց, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Փենալթիներու դիմուեցաւ, ուր ֆրանսացիներ Ժիւլ Քունտէ եւ Թէօ Հեռնանտես չկրցան նշանակել փենալթիները` դուրս հարուածելով մինչ Ֆրանսայի բերդապահ Մայք Մենիան կրցաւ զսպել Պաթուրինայի եւ Սթանիշիչի փենալթիները, իսկ Իվանովիչի փենալթին բաւական բարձր էր…

Էմպափէ, Չուսմենի, Քոլօ -Մուանի, Տուէ եւ Ուփամեքանօ նշանակեցին իրենց փենալթիները, մինչ Մորօ, Փասալիչ, Եաքիչ եւ Քալեթա-Քար կրցան նշանակել Խրուաթիոյ փենալթիները:

Այլ մրցում մը, որուն ընթացքին  երկարաձգման դիմուեցաւ, Փորթուգալ Դանիա մրցումն էր: Դանիա երթին 1-0 արդիւնքով յաղթած էր, բայց Փորթուգալ 90 վայրկեաններուն կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթել: Անտերսըն (սխալմամբ իր բերդին մէջ) Ռոնալտօ եւ Թրինքաօ նշանակեցին Փորթուգալի կոլերը, մինչ Քրիսթենսըն եւ Էրիքսըն` Դանիոյ կոլերը:

Ռոնալտօ 6-րդ վայրկեանին փենալթի մըն ալ կորսնցուց, երբ Շմայշըլ զայն զսպեց:

Երկարաձգումին Թրինքաօ եւ Կոնսալօ Ռամոս 2 կոլ եւս նշանակեցին, եւ Փորթուգալ հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ:

Գերմանիա, որ Իտալիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր, առաջին կիսախաղին 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Բ. կիսախաղին 3 կոլեր ստացաւ, բայց հասաւ կիսաւարտական:

Քիմիչ, Մուսիալա եւ Քլայնտիսթ նշանակեցին Գերմանիոյ 3 կոլերը, մինչ Մոյա Քին (2) եւ Ռասփատորի նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը:

Նախորդը

Փոխանակ Գայլի Գլխուն Աւետարան Կարդալու

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ 4 Պարտութենէ Ետք Վերադարձաւ Ինքզինք

RelatedPosts

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց
Մարզական

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց

Մայիս 17, 2025
Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Նուժումէն` 2-1 Արդիւնքով
Մարզական

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Մայիս 17, 2025
Պասքեթպոլ-Ուասլ.  Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ
Մարզական

Պասքեթպոլ-Ուասլ. Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?