Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը հինգշաբթի գիշեր 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Կիպրոսի հաւաքականին հետ, Ազգերու լիկայի իր 5-րդ մրցումին:
Այս մրցումէն առաջ, Հայաստանի եւ Կիպրոսի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն պատուիրակութիւնը այցելած էր Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` գլխաւորութեամբ Կիպրոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Խարիս Լոյզիտեսի:
Կիպրոսի ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին` յարգանքի տուրք մատուցելով եւ յարգելով զոհերու յիշատակը:
Մրցումը սկսաւ կիպրական յարձակումներով: Հայաստան առաջին կիսախաղին ճնշեց, բայց բաւարար վտանգ չստեղծեց Կիպրոսի բերդին վրայ: Կիպրոս 9-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Փիւնիկի յառաջապահ Իասոնաս Փիքիսի: Բ. կիսախաղին խումբը շատ աւելի լաւ էր եւ 58-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց` շնորհիւ Արթուր Դաւիթեանի` Արթուր Սերոբեանի փոխանցումէն օգտուելով: Քանի մը վայրկեան ետք Ղարիբեան կոլ մը եւս նշանակեց, բայց օֆսայտի պատճառով անիկա չվաւերացուեցաւ:
Վաղը` կիրակի օր, Հայաստան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Լաթվիոյ դէմ` Ռիկայի մէջ:
Գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան բաւական գոհ էր ելոյթի մակարդակէն` հաշուի առնելով մեծ թիւով վիրաւոր տղոց բացակայութիւնը:
«Ամէնէն կարեւորը այն է, որ խումբը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ դաշտին վրայ: Շատ ցաւալի է, որ այդքան շատ վիրաւոր մարզիկներ ունինք: Յուսանք, որ անոնք բոլորն ալ կը վերադառնան դաշտ: Այդ ժամանակ խումբը աւելի ուժեղ կ՛ըլլայ, իսկ արդիւնքները կը բարելաւուին: Կարեւորագոյն բանը այն է, որ ֆութպոլիստները կը հասկնան մեր պահանջները եւ գիտեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն դաշտին վրայ: Հիմա մենք պէտք է բարձրացնենք խաղին որակը եւ սպասենք վիրաւոր մարզիկներու վերադարձին: Մինչեւ գարուն տակաւին շատ ժամանակ կայ: Կը կարծեմ, որ Սերգէյ Մուրատեան, Էդուարդ Սպերցեան, Վահան Բիչախչեա, Պուենօ, Կերակուսեան եւ մնացեալ վիրաւոր տղաքը պէտք է լաւ վիճակի մէջ ըլլան: Յոյսով ենք, որ այդ ժամանակ մենք շատ զօրաւոր խումբ կ՛ունենանք», ըսաւ Մելիքեան:
Ա. կարգի խումբերուն գծով Իտալիա մեծ անակնկալով մը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսային, մինչ Անգլիա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիոյ, ուր Հերի Քէյն իր 126-րդ ելոյթը ունեցաւ` նոր մրցանիշ հաստատելով Անգլիոյ ազգային խումբի առաւելագոյն ելոյթներուն առումով:
Սպանիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Չեխիոյ` այս վերջինիս դաշտին վրայ, մինչ Պելճիքա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ մէջ:


