Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամբողջ Աշխարհը Վկայեց Ճեֆրի Սաքսի Եւ Քիսինճըրի Հաստատումը` Ամերիկայի Հետ Ընկեր Ըլլալու Հետեւանքին Մասին

Մարտ 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նախորդ յօդուածիս. «Միացեալ Նահանգներուն թշնամի ըլլալը վտանգաւոր է, սակայն ընկեր ըլլալը մահացու է» (1) իրականութեան հաստատումին գործնապէս ու տեղւոյն վրայ, հեռատեսիլի միջոցով ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ:

Ձախէն` Զելենսքին եւ Թրամփը Սպիտակ տան մէջ կը վիճին:

Արդարեւ, 28 փետրուար 2025-ին, նախապէս Ամերիկայի շփացուցած եւ Քոնկրեսին մէջ ծափեր խլած Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ամերիկայի նախագահական Սպիտակ տան օվալաձեւ գրասենեակին մէջ նախագահ Թրամփին եւ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանսին կողմէ խստիւ յանդիմանուեցաւ ու պախարակուեցաւ, եւ այս բոլորը` հաւատարմագրուած լրագրողներուն եւ անոնց տեսախցիկներուն առջեւ (2): Զելենսքի մահացու հարուած ստացաւ:

Պատճառները շատ են, նպատակս անոնց անդրադառնալը չէ, սակայն ամենապարզ պատճառներէն մէկն էր Զելենսքիին ոչ պաշտօնական հանդերձանքով ներկայանալը: Արդէն ԱՄՆ-ի այժմու նախագահ Թրամփ իրմէ դժգոհ` անխոհեմ վարուելակերպով, Զելենսքին եւ իր պատճառով նաեւ Ուքրանիան «մահացու» հարուած ստացան:

Նախապէս շատեր մահացու հարուածներ ստացած են` իբրեւ Ամերիկայի բարեկամներ, որոնցմէ կը նշեմ երեքը: Իրանի շահը` Մոհամմատ Ռիզա Փահլաուին, որ գահընկէց եղաւ, տես` «Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները կը կործանեն երկիրներ, տնտեսական սիկարեանի մը խոստովանութիւնները – Գ.» (3): Երկրորդն էր Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը, որուն միջոցով Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ 8 տարի, 1980-1988, առանց յաղթական կողմի, անտեղի մահասփիւռ պատերազմ մղեցին: Բաւարարուիմ երրորդով` մեր դրացի Վրաստանի նախագահ, Ամերիկա ուսանած Միխայիլ Սահակաշվիլին, որ ամերիկեան-արեւմտեան «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ով նախագահ դարձաւ, այժմ վրացական բանտին մէջ կը հիւծի:

Ճեֆրի Սաքս 16 նոյեմբեր 2024-ին Հայաստան այցելած էր եւ` հարցազրոյցներ ունեցած, որոնցմէ էին 168.am-ը (4) եւ «Կռունկ» կայքէջը (5): Զրոյցներէն կը մէջբերեմ հետեւեալ հաստատում-ուղերձները` խառն շարքով.

1.- «ԱՄՆ-ը հետաքրքրուած չէ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեամբ»:

2.- «ԱՄՆ-ը երբեք պիտի չփրկէ Հայաստանը»:

3.- «Կեանքիս ընթացքին տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս զանազան երկիրներ ԱՄՆ-էն հրաշքներ ակնկալած են, սակայն լաւ բան դուրս չէ եկած: Ընդհակառակը, յաճախ շատ վատ բաներ պատահած են»:

4.- «2008-ի գարնան Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլին ելոյթ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ եւ ըսաւ. «Մենք Եւրոպայի կեդրոնն ենք, մենք եւրոպական երկիր ենք, մենք կը պատրաստուինք ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ»: Երբ այդ հանդիպումէն դուրս եկայ, կնոջս ըսի. «Այդ մարդը խելագար է, ան կը պատրաստուի կործանելու իր երկիրը»:

5.- «Իմ խորհուրդս միշտ այս է` նայեցէք քարտէսին եւ փորձեցէք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ձեր դրացիներուն հետ»:

6.- «ՊՐԻՔՍ-ը կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ Հայաստանի համար, քանի որ այժմ կը ներառէ Իրանը, նաեւ` Ռուսիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը եւ Հնդկաստանը: Այս բոլոր երկիրները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար` թէ՛ տնտեսական, եւ թէ՛ ալ աշխարհաքաղաքական առումով: Ճիշդ է, որ յաջողութեան երաշխիքներ չկան, բայց աւելի լաւ է, քան` ըսել, որ «ՕԹԱՆ-ը մեզ կը փրկէ… Այդ մէկը երբե՛ք տեղի պիտի չունենայ»:

7.- «Կը կարծեմ, որ, ընդհանուր առմամբ, հին լուծումներն ու գաղափարները այլեւս չեն գործեր»:

Քառասունէ աւելի գիրքերու հեղինակ եւ նախագահներու խորհրդական Ճեֆրի Սաքսի այս խորհուրդները բոլորովին անտեսուած են Հայաստանի այժմու հակահայ, ապազգային, անհեռատես կառավարութեան կողմէ, որ Սահակաշվիլիի նման բռնած է կործանումի` «մահացու» ճամբան:

3 մարտ 2025

haroutchekijian.wordpress.com

 

  1. https://hairenikweekly.com/?p=63181
  2. https://www.youtube.com/watch?v=z2s2pogllis
  3. https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/09/22/ինչպէ՞ս-միացեալ-նահանգները-կը-կործան/
  4. https://168.am/2024/11/16/2127466.html
  5. https://youtu.be/sG_ji42YHj8
Նախորդը

Սարգիս Փարաջանեան (ԼԶ.) «Մեր Ժամանակի Ամենահանճարեղ Բեմադրիչը»…

Յաջորդը

Ակնարկ. Ի՞նչ Եւ Ինչպիսի՞ Նոր Աշխարհակարգ

RelatedPosts

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 9, 2025
Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք
Անդրադարձ

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք

Մայիս 8, 2025
Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը
Անդրադարձ

Սլաք. Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Իւրայատուկ Ներկայացման Առիթով. Բա՛ւ Է Մենք Զմեզ Ատենք, Այլ Նախասիրութիւններէն Անդին` Լա՛ւը Գնահատենք

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?