ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Նախորդ տարուան իր վերջին թիւով (դեկտեմբեր 2024), «Դրօշակ» պաշտօնաթերթը իր «Դէմքեր ու դէպքեր» բաժինով անդրադարձաւ հայ ականաւոր շարժապատկերի բեմադրիչ եւ կերպարուեստագէտ Սերգէյ Փարաջանովին ու անոր իւրայատուկ արուեստին: Այս շաբթուան ընթացքին մեր էջերով կը հրատարակենք այս առիթով Մովսէս Ծիրանիի եւ Արտաշէս Շահբազեանի գրութիւնները, ինչպէս նաեւ` Փարաջանովի մասին կարծիքներ ու անոր մտածումներէն հատուած մը:
Յայտնենք, որ յօդուածներուն մէջ տեղ գտած լուսանկարիչ Գալուստ Պապեանի նկարներն ու տարբեր նիւթերուն մէջ տեղ գտած կարգ մը մէջբերումներ վերցուած են 1985 թուականի մարտին Մովսէս Հերկելեանի (Ծիրանի) խմբագրութեամբ` իբրեւ «Գառնի» մատենաշարի թիւ 1 հրատարակութիւն, լոյս տեսած «ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ» պարբերականի տեսքով գիրքէն:
Սիրելի՛ ընթերցող,
Այս յօդուածի խորագիրին վերագրումը մերը չէ, այլ` Փարիզ հրատարակուող «Լը Ֆիկարօ» մեծազդեցիկ օրաթերթին, որ Փարաջանովը ոչ միայն կը նկատէ 1970-ական թուականներու «Ամենահանճարեղ բեմադրիչը», այլ նաեւ «Գերահանճար» կ՛անուանէ զայն: Թէեւ բացառուած չէ, որ այս չափազանց բարձր բնութագրման մէջ իր դերը կատարած ըլլայ նաեւ այդ օրերու հակախորհրդային քաղաքական գործօնը… ինչպէս ոմանք կ՛ենթադրեն: Այնուամենայնիւ, եթէ Փարաջանովի արուեստը բացառիկ արժէք չներկայացնէր շարժապատկերի մէջ, դժուար թէ միջազգային այլ թերթեր («Լը Մոնտ», «Տը Սանտէյ Թայմզ», «Փոլիթիք Էպտօ», «Լոս Անճելըս Թայմզ»…) եւս նմանօրինակ բարձր գնահատանքներ արձանագրէին անոր հասցէին: Նկատի առէք նաեւ անոր միայն մէկ ստեղծագործութիւնը` «Հրեղէն ձիեր»-ը (Մոռցուած նախնիներու ստուերները) երկու տարուան ընթացքին արժանացաւ քսանչորս միջազգային մրցանակներու: Թէեւ այս քանքարի ծննդեան 100-ամեակը պաշտօնապէս նշուեցաւ հայրենիքի մէջ, սակայն ըլլայ հայրենիքի թէ յատկապէս սփիւռքի պարագային, տակաւին ան ո՛չ ճանչցուած է եւ ո՛չ ալ գնահատուած` ըստ արժանւոյն… յատկապէս` նոր սերունդին մօտ:
Երեւան, Բաղրամեան պողոտայ, 1980, ուշ oգոստոս
Իմ հաւատարի՛մ ընթերցող,
Օրը շաբաթ էր, հաւաքուած էինք Վարուժան Խտըշեանի գետնայարկ բնակարանը (ներկայ էին Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկի ուսանող Ժան Ֆարրան եւ մարմնակրթութեան ուսանողներ` Պօղոս Գասապեանն (Պալըխ) ու Մարտիկ Պոյաճեանը) եւ կը զրուցէինք յաջորդ օրուան մեր որսորդական ծրագրի մասին: Յանկարծ փոթորիկի պէս ներս մտաւ մէկը (դուռը բաց էր, որովհետեւ ամառ էր եւ տաք), պայուսակ մը ուսին եւ քանի մը լուսանկարչատուփ վիզէն կախած: Ճանչցայ… Գալուստ Պապեանն էր, որուն հանդիպած էի Պէյրութի մէջ: Ծանօթացման եւ յաւուր պատշաճի զրոյցէ մը ետք, Վարուժանը Գալուստը հրաւիրեց մեր շաբաթական «որսորդական խնճոյքին»` աւելցնելով, որ «կրնաս նաեւ հետդ բերել քանատահայ ընկերներդ»: Իսկ Գալուստը դառնալով ինծի` ըսաւ.
– Քեզ կը փնտռէի, ըսին, որ կրնամ գտնել քեզ Վարուժան Խտըշեանի մօտ, որուն բնակարանը սփիւռքահայ ուսանողներու ու արուեստագէտներու հաւաքավայր մըն է:
– Ճիշդ ըսած են քեզի, որովհետեւ ասիկա մեր ակումբն է, ուր կը բնակին նաեւ Ժանոն եւ Մարտիկը, սակայն ակումբի վերակացուն Վարուժն է, որովհետեւ թէ՛ տարիքով մեծ է մեզմէ եւ թէ՛ գիտես, բեմադրիչ է:
– Վերակացո՞ւ , ի՞նչ վերակացու: Չհասկցայ…
– Այսինքն ակումբի հայրիկի պէս բան մը…
Երբ նշմարեցի, որ Վարուժը մռայլեցաւ ու յօնքերը կիտեց, անմիջապէս աւելցուցի.
– Ըսել կ՛ուզեմ ակումբի տնօրէնը…
Իսկ Վարուժանը, որուն հետ միշտ նմանօրինակ քաշքշուքներու մէջ էինք, իբր թէ կատակի սահմաններու մէջ` ըսաւ.
– Գալո՛ւստ, այս «այնճարցին» գաւառէն եկած մարդ է, իբր թէ կը սրամտէ, ի՞նչ գործ ունիս ասոր հետը…
Իմ հետաքրքրասէ՛ր ընթերցող,
Թէեւ շարունակութիւնը աւելի հետաքրքրական է, սակայն եկուր` համաձայնաբար յետաձգենք այն այլ առիթի ու անցնինք բուն նիւթին:
Գալուստը ցած ձայնով ականջիս ըսաւ.
– Մովսէ՛ս, պէտք է որ առանձին խօսինք…
– Գալո՛ւստ ջան, նախ գիտեմ, թէ ի՛նչ պիտի ըսես, եւ յետոյ այս տղաքը` բոլորն ալ մեր լաւ ու վստահելի ընկերներն են, կրնանք իրենց ներկայութեան ազատօրէն խօսիլ:
– Բայց ուրկէ՞ գիտես, թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ:
– Այն անձնաւորութիւնը, որ քեզմէ խնդրած է, որ երթաս եւ լուսանկարես որոշ գրողներ եւ մտաւորականներ, նաեւ ինծի լուր ղրկած է, որ օգնեմ քեզի:
– Ճի՛շդ ես, ինծի ըսաւ, որ կ՛երթաս Մովսէսին քով, ան բոլորն ալ կը ճանչնայ եւ ինք կ՛ուղեկցի քեզի…
– Նայէ՛, քանի որ ժամանակդ կարճ է, այսօրուընէ սկսեալ նստինք ու ծրագրենք, թէ ե՛րբ, որո՛ւ քով պիտի երթանք:
Այս անգամ աւելի ցած ձայնով ականջիս փսփսաց.
– Մենք քանատահայերու այս խումբով Թիֆլիս ալ պիտի այցելենք, Պօղոսը ըսաւ` «Եթէ կրնաս, գնա՛ եւ Փարաջանովն ալ լուսանկարէ»:
– Հրաշալի գաղափար է, բայց նկատի առ, որ այս մէկը «նուրբ» հարց մըն է… Յամենայն դէպս սպասէ… յետոյ կ՛ըսեմ քեզի…
Գալուստին այդպէս ըսի, որովհետեւ այդ օրերուն Փարաջանով «անպաշտօն կերպով» տնային կալանքի ենթարկուած էր եւ խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուէր: Ոչ թէ չէր ուզեր, այլ չէր կրնար ոեւէ մէկը ընդունիլ իր մօտ… յատկապէս` արտասահմանցի մը: Ես անմիջապէս Ալիքին (Թոփչեան) հեռաձայնեցի եւ հարցը ներկայացուցի անոր, ընթացքին տուի նաեւ Պօղոսին անունը, որուն հանդէպ Ալիքը խիստ յարգանք ունէր` իբրեւ խմբագիր ու հրապարակախօս: Ան առանց պատասխանելու իմ հարցումին` ընթրիքի հրաւիրեց: Գացի, իր կինն ալ հոն էր` Անահիտը, իր կանացի հմայքով, երկար վարսերով ու գեղեցկութեամբ հանդերձ: Երկուքն ալ մօտիկ էին Փարաջանովին: Ալիքը իր ընկերներուն` Հենրիկ Իգիտեանի, Հենրիկ Էդոյեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի եւ այլոց հետ դեր ստանձնած էր «Նռան գոյնը» ժապաւէնին մէջ: Իսկ Անահիտը աւելի մօտիկութիւն ունէր անոր հետ, որովհետեւ Փարաջանով բարձր գնահատելէ ետք Անահիտի դերասանական արուեստը, կը մտածէր իր մէկ ժապաւէնին մէջ գլխաւոր դերը վստահիլ անոր: Անոնք` տէր եւ տիկին Թոփչեանները, կապ պահեցին Փարաջանովի հետ, եւ քանի մը օր ետք Ալիքը տեղեկացուց.
– Թող գնայ, ընդունելու է… բայց որովհետեւ ամէն մարդու դիմաց չի կարելի դուռը բանալ… ի հարկին դրսից թող ձէն տայ… Իսկ ապահով լինելու համար կարիք չկայ Գալուստին տեղեակ պահելու, միջնորդների եւ առհասարակ միջնորդութեան մասին…
Օրեր ետք, երբ Վարուժանի տան մէջ (ներկայութեամբ` Սօս Սարգսեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, դերասանուհի Յասմիկ Տէր Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ` քանատահայ Սիմոն եւ Լեւոն Հասըրճեան եղբայրներու եւ երկու տիկիններու (Սօսի եւ Սոնա), այս հարցը արծարծուեցաւ, մեր հերթական որսորդական հաւաքի ընթացքին, կողմնակիօրէն Գալուստին ըսի.
– Իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն, Փարաջանովը դուռը բանալու սովորութիւն չունի… յատկապէս երբ ներսը զբաղած ըլլայ: Լաւ կ՛ըլլայ, որ ի հարկին փողոցէն կանչես զայն, եւ ըսես, որ դուն դուրսէն եկած «ժուռնալիստ» ես:
Իմ բծախնդիր ու իրատե՛ս ընթերցող,
Այս դէպքին մասին թէեւ ակնարկած եմ այլ առիթներով, սակայն այս բաժինը այս մանրամասնութեամբ չեմ ներկայացուցած: Այդ պատճառով ալ յուշագրութիւններուս մէջ նմանօրինակ դէպքեր կը պատահին, եւ յաճախ նոյն դրուագը կրնայ ունենալ իր տարբերակները, որոնք սակայն իմաստային առումով զիրար չեն հակասեր:
Գալուստը այդպէս ալ ըրաւ ու… յաջողեցաւ: Ան դժուարութեամբ գտած էր Փարաջանովի բնակարանը, եւ երբ դուռերը փակ գտած էր իր առջեւ, սկսած էր փողոցէն կանչել անոր անունը: Յանկարծ պատուհան մը կը բացուի, ու Փարաջանով ներս կը հրաւիրէ զինք: Թիֆլիս մեկնող քանատահայ զբօսաշրջիկներէն` Գալուստի ընկերներէն մէկը` Լեւոն Հասըրճեան, հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ անոր վերադարձը պանդոկ.
– Գալուստը ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձաւ Փարաջանովի մօտէն, կարծէք թէ մե՜ծ յաղթանակ մը տարած ըլլար: Ան իր խանդավառութեամբ վարակեց նաեւ մեզ: Զարմացած էր Փարաջանովի ջերմ ընդունելութեան ու լուսանկարուելու պատրաստակամութեան համար: Կ՛ըսէր. «Եղբա՛յր, հազիւ ծանօթացած, սկսաւ տեղէ մը հին ծաղկաման մը հանել ու երկու ձեռքով ցուցադրել, ուրիշ տեղէ մը հին գորգ մը բերել եւ ուսին նետել, եւ կամ իր նախշած մէկ սիւնը գրկած` լուսանկարուելու դիրք բռնել… իսկ ես անընդհատ կը նկարէի… ու կը նկարէի»: Այդ օր Գալուստին համար ուրախութեան եւ տօնական օր էր: Աշխուժութիւն մը եկած էր վրան…
Իմ համբերատար ընթերցող,
Այն տարիներուն Մոնրէալի ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնէն ներս գործող Հայագիտական ամպիոնը կը վարէր բանաստեղծ եւ գրականագէտ Մանուէլ Քէօսէեանը, որուն մահէն (2007) ետք ամպիոնը մնաց եւ մկրտուեցաւ «Մանուէլ Քէօսէեան» անունով ու շարունակեց գործել` ղեկավարութեամբ Շահէ Թանաշեանի: Այլոց շարքին` Շահէն առիթով մը իբրեւ արուեստագէտ լուսանկարիչ հրաւիրած էր նաեւ Գալուստ Պապեանը, որուն ներկայացնելու «պարտականութիւնը» վերապահուած էր ինծի: Գալուստը իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ փարաջանովեան թեմային ու ընթացքին պատմեց նաեւ Լեւոնին պատմածը գրեթէ նոյնութեամբ` աւելցնելով.
– Կարծէք թէ Փարաջանովը սկիզբէն նախապատրաստուած էր ու բեմադրած, թէ տան ո՛ր անկիւնը, ի՛նչ առարկաներու հետ, ինչպիսի՛ կեցուածք պիտի ընդունի:
Հակառակ անոր որ ատկէ առաջ ես Գալուստին հանդիպած էի Թորոնթօ` իրենց տունը, սակայն առիթ չէր եղած այս մասին զրուցելու: Պահը յարմար համարելով` ես ալ իմ հերթին բացայայտեցի Ալիքի եւ Անահիտի հետ կապուած վերոյիշեալ պատմութիւնը:
Գալուստը դառնալով ինծի` ըսաւ.
– Հիմա կը հասկնամ…
Իմ արդարամիտ եւ իրատե՛ս ընթերցող,
Ստիպուած եմ անգամ մը եւս համեստութիւնս մէկ կողմ դնելու, որովհետեւ պէտք է տեղեկացնեմ քեզի, որ մինչ այդ` 1985-ին, ես հրատարակած էի արդէն Փարաջանովի մասին լոյս տեսած առաջին գիրքը` «Նռան գոյնը» (COULEUR DE LA GRENADE), Պէյրութի մէջ, որուն մէջ հրապարակած եմ երկու տասնեակ լուսանկարներ Գալուստէն, որուն լուսանկարչական արուեստը` շնորհիւ փարաջանովեան շարքի, աւելի ճանաչում ստացաւ ու գնահատուեցաւ… նոյնի՛սկ որոշ արտահայկական հարթակներու վրայ:
Այս գիրքի մէջ լոյս տեսած յօդուածները, տպաւորութիւններն ու կարծիքները հաւաքելու եւ խմբագրելու ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցայ հանգամանօրէն ուսումնասիրելու եւ առաւել եւս խորանալու Փարաջանովի ստեղծագործական կեանքին եւ անոր արուեստին մէջ: Եւ որովհետեւ մինչ այդ տեսած էի Փարաջանովի գործընկերոջ` ռուս բեմադրիչ` Թարքովսքիի «Հայելին» Երեւանի մէջ, 1974-ին, եւ «Հրեղէն ձիերը» ճարտարապետութեան արուեստաբան Անի Թոթոյեանի ընկերակցութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ, Փարիզի մէջ, 1977-ին: Ինծի համար համեմատաբար աւելի դիւրին էր ընկալել բազմաշերտ, բազմիմաստ եւ բազմաբովանդակ «Նռան գոյնը», զոր քսանէ աւելի անգամներ առիթ ունեցած եմ ցուցադրելու, վերլուծելու եւ մեկնաբանելու տարբեր քաղաքներու մէջ: Մի՛ զարմանաք, եթէ խոստովանիմ, որ իւրաքանչիւր ցուցադրութեան ընթացքին միշտ տարբեր բնոյթի, նոր տարածականութիւններ յայտնաբերած եմ ժապաւէնին մէջ ու փորձած` տեղւոյն վրայ լուսաբանել ու մեկնաբանել:
Այս բոլորէն ետք անզուսպ ցանկութիւն մը ունէի հանդիպելու Փարաջանովին:
Ոչ միայն «Նռան գոյնը», այլ նաեւ ողջ փարաջանովեան շարժապատկերի արուեստը իր իւրայատուկ ոճով ու «Խորհուրդ խորին» ծալքերով մէկ կողմէ կ՛իջնէ մինչեւ մարդկութեան ներաշխարհի ոգեղէն յատակներ, եւ միւս կողմէ` կը բարձրանայ մինչեւ անջրպետի անհուն ու անվերջ լուսեղէն տարածքներ:
Պէյրութ, «Նոա՛զ արք» ցուցասրահ, 1988, յունուարի վերջը
Ցուցասրահի մուտքին նստած` կ՛աշխատէի, երբ յանկարծ ուրախ տրամադրութեամբ ներս մտաւ Ճեքին (Թադեւոսեա՞ն) եւ անմիջապէս տեղեկացուց, որ Հոլանտա պիտի մեկնի` ներկայ ըլլալու համար նաեւ Ռոթերտամի միջազգային շարժապատկերի արուեստի փառատօնին, ուր պիտի ցուցադրուին աշխարհի քսան լաւագոյն ժապաւէնները, որոնց շարքին նաեւ` Փարաջանովի «Սուրամի ամրոցը» ժապաւէնը, եւ աւելցուց.
– Իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն, հոն անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Սերգէյ Փարաջանովը: Եթէ քու հրատարակած «Նռան գոյնը» գիրքէն քանի մը օրինակ տրամադրես ինծի, մէկ կամ երկու օրինակ կը նուիրեմ անոր, եւ այդ կապով կը փորձեմ հարցազրոյց մը յաջողցնել իրեն հետ…
Ի՛նչ մեղքս պահեմ, ես իրմէ աւելի ուրախացայ եւ խնդրեցի Ճեքիէն, որ Փարաջանովին հարց տայ, թէ` «Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կարելի է հանդիպիլ իրեն»:
Սակայն, իմ հետաքրքրասէ՛ր ընթերցող, որպէսզի ճիշդ ընկալէք այս դրուագի իմաստն ու կարեւորութիւնը, շարունակելէ առաջ հարկաւոր է բացատրեմ, թէ Ճեքին ո՛վ էր: Ան սլացիկ հասակով, կենսալից, ուշիմ, կիրթ ու գեղեցիկ պարմանուհի մըն էր: Շատ մօտիկ բարեկամը մեր ցուցասրահին: Իր արուեստասիրութիւնն ու արուեստի իմացութիւնը այնքան թրծուած ու զարգացած էր իր մէջ, որ ոչ միայն վերածուած էր կիրքի (passion), այլ նաեւ զարմանալիօրէն մասնագէտ արուեստաբանի տպաւորութիւն կը ձգէր, երբ կը վերլուծէր ու կը մեկնաբանէր արուեստը: Հայրը` Յովակիմը, հնատիպ գորգերու խանութ ունէր Պուրճ Համուտի մէջ եւ հնատիպ արուեստի գործերու հաւաքորդ էր միաժամանակ: Իսկ մայրը գերմանուհի էր, եւ այդ օրերուն սկսած էր ուսումնասիրել հայ-գերմանական պատմամշակութային փոխյարաբերութիւնները: Այնպէս որ, Ճեքին պատահական մէկը չէր:
Ան Ամսթերտամէն վերադարձաւ քիչ մը յուսախաբ, որովհետեւ չէր կրցած իր ծրագրած հարցազրոյցը իրագործել, սակայն հնարաւորութիւն ունեցած էր քիչ մը զրուցելու Փարաջանովի հետ, «Նռան գոյնը» գիրքը յանձնած էր անոր ու հարց տուած, թէ գիրքին հեղինակը կ՛ուզէ գիտնալ, թէ` «Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կրնայ հանդիպիլ ձեզի հետ»: Փարաջանով թեթեւ մը գիրքը թերթատելէ ետք, կտոր մը թուղթ կը գտնէ եւ ռուսերէնով նախադասութիւն մը կը գրէ անոր վրայ, փշաթելերով կ՛երիզէ զայն, ու կը յանձնէ Ճեքիին… գիրքի հեղինակին համար: Ապա նմանօրինակ ուրիշ թուղթ մը կը պատրաստէ ու կը նուիրէ իրեն: Հետագային այդ նախադասութիւնը թարգմանեց ինծի Մկոն (քանդակագործ` Մկրտիչ Մազմանեանը), ուր կ՛ըսուէր. «Իմ բնակարանս Անջրպետն է»: Փարաջանով «Նռան գոյնը» ժապաւէնին մէջ եւս օգտագործած էր այս նախադասութիւնը, որուն մեկնաբանութիւնը բազմիմաստ է եւ խոր: Դժբախտաբար փարաջանովեան այդ մասունքը Այնճար արխիւներուս մէջ է, իսկ ես այս տողերը կը գրեմ Երեւանէն: Այնպէս որ, կը խոստանամ այլ առիթով մը հրապարակել այն:
Փարաջանեան իր տուն-թանգարանը ունի Երեւանի մէջ, որ արուեստասէրներու (յատկապէս` օտարներու) ամենասիրուած ու ամենափնտռուած վայրերէն մէկն է: Այս տուն-թանգարանը գիտահետազօտական բնոյթ ունի, որովհետեւ ոչ միայն հոն մէկտեղուած են Փարաջանովի իրագործած եւ իր մասին վաւերագրական բոլոր ժապաւէնները, գիրքերն ու պատկերագիրքերը, ինչպէս նաեւ` մենագրութիւններ ու բազմաթիւ թեր ու դէմ յօդուածներ. այլ նաեւ ցուցադրութեան դրուած են իր փակցանկարները (collage), որոնք իրենց գեղեցկութեամբ, արտայայտչականութեամբ ու ինքնատպութեամբ, ուրոյն տեղ ու նշանակութիւն ունին կերպարուեստի պատմութեան մէջ: Այս տուն-թանգարանը անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները կրնայ ընձեռել այն բոլոր մասնագէտներուն, որոնք ակադեմական մակարդակով կ՛ուզեն ուսումնասիրել, վերլուծել ու մեկնաբանել Սարգիս Փարաջանեանի ստեղծագործական կեանքը: Իսկ 2010-ին Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուեցաւ նաեւ «Փարաջանեան-Վարդանեան» հիմնարկը, ուր եւս կարելի է ուսումնասիրել Փարաջանովի ստեղծագործական վաստակը:
Մեր բոլորին (ըլլայ ազգային թէ համամարդկային) պարտականութիւնն է նմանօրինակ մեր մեծերը (ինչպէս` Արշիլ Կորքին, Ռուբէն Նաքեանը, Երուանդ Քոչարը, Գրիգոր Չիլթեանը, Լեւոն Թիւթիւնճեանը, Եագուլովը, Մուրատովն ու շա՜տ շատեր) նախ` ճանչնալ, արժեւորել ու մեծարել մեր մէջ, եւ ապա` միջազգային հարթակներու վրայ եւս ներկայացնել, որովհետեւ ասոնք համամարդկային արժէքներ են ազգային ըլլալէ առաջ ու ետք…