Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Քաղաքացիներուն Աւելի Քան 59,6 Առ Հարիւրը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան

March 13, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կալըփ Ինթըրնեշընըլ Էսոսիէյշըն»-ի հայկական ներկայացուցչութիւնը ներկայացուցած է նոր հետազօտութեան տուեալներ: Արդիւնքները լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուց ներկայացուցչութեան ղեկավար Արամ Նաւասարդեան:

Հարցախոյզի մասնակիցները պատասխանած են` «ի՞նչ կը կարծեն` Հայաստանի Հանրապետութեան գործող Սահմանադրութիւնը պէ՞տք է փոխուի, փոփոխութեան ենթարկուի» հարցումին` 18,74 առ հարիւրը նշած է, որ որոշ կէտեր պէտք է փոխել, 7,5 առ հարիւրը նշած է` անհրաժեշտ է ամբողջովին նոր սահմանադրութիւն եւ 59,6 առ հարիւրը նշած է, որ Սահմանադրութիւնը պէտք է մնայ անփոփոխ, իսկ 14,5 առ հարիւրը դժուարացած է այս հարցումին պատասխանել:

Նաւասարդեան նշած է, որ 24 յունուարին կատարուած հարցախոյզի ընթացքին 14 առ հարիւրը ըսած էր, որ պէտք է որոշ կէտեր փոխել, 13 առ հարիւրը` անհրաժեշտ է ամբողջովին նոր սահմանադրութիւն, 34,2 առ հարիւրը Սահմանադրութիւնը պէտք է մնայ անփոփոխ, իսկ 38 առ հարիւրը նշած էր, որ կը դժուարանայ պատասխանել:

«Հաստատօրէն կրնամ ըսել, որ մեր քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը դէմ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկուի», ըսաւ ան:

Հարցախոյզը կատարուած է հեռաձայնային կապի ճամբով, մասնակիցներուն թիւը 1100 է, հարցախոյզի կատարման ժամանակահատուածը եղած է 27 փետրուարէն 6 մարտ:

Նախորդը

Թրամփ. «Զելենսքին Սպիտակ Տուն Պիտի Հրաւիրեմ Եւ Փութինի Հետ Խօսիմ. Յուսամ Զինադադարին Կը Համաձայնի»

Յաջորդը

Ամերիկացի Քրիստոնեայ Ղեկավարներու Դաշինքը Դիմած Է Թրամփին` Կոչ Ուղղելով Վճռական Քայլեր Ձեռնարկելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Քրիստոնեայ Պատանդներու Ազատ Արձակման Համար

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.