Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Լիբանանի մնայուն աջակցութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ անոր կողքին կանգնելուն համար, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Ֆրանսան սերտէ Մարզական աւանի վերաշինութեան ջանքերուն աջակցութեան տրամադրումը:
Ան նաեւ ներկայացուց Լիբանանի մէջ երիտասարդութեան վերաբերեալ ռազմավարութիւնը, երիտասարդները համարկման օգնելու կարելիութիւնները եւ այս ծիրին մէջ «Ապագայի ուխտ» նախաձեռնութենէն օգտուելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ թուային հարթակի ձեռնարկումը` դիւրացնելու համար Լիբանանի մէջ երիտասարդներու, սկաուտներու եւ մարզիկներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը, զայն իբրեւ երիտասարդներու ազատութեան տարածք օգտագործումը եւ մարմնակրթութեան դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ միացեալ ձեռնարկներ կատարելը:
Մակրօ խօսեցաւ առողջապահութեան, կրթութեան, դպրոցական մարմնակրթութեան, յատուկ կարիքաւոր անձերու մարմնակրթութեան, պատերազմէն ետք երիտասարդներու հոգեկան առողջութեան, տաղանդաւոր լիբանանցի երիտասարդներու կրթանպաստներու տրամադրման մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան մասին:
Պայրագտարեան յայտնեց, որ այս թղթածրարը պիտի արծարծէ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան հետ:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը յայտնեց, որ իր երկիրը կը փափաքի աջակցիլ տարբեր մարզաձեւեր կիրարկող ախոյեան մարզիկներու: Պայրագտարեան ողջունեց ու մեծապէս գնահատեց այդ փափաքը:
Նախարար Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը ներառէր շրջանային վարչութեան անդամներ, սկաուտական, շեփորախումբի եւ մարմնակրթութեան բաժիններու ղեկավարներ:
Պատուիրակութիւնը ներկայացուց միութեան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ տարածուած 10 մասնաճիւղերու գործունէութիւնը: Համամճեան նախարարէն խնդրեց հովանաւորել Պասքինթայի մէջ նախատեսուած միջինարեւելեան երկիրներու համաՀՄԸՄ-ական բանակումը:


