Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելած է վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմատետրեան էջը:
«Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի օրակարգի խորացման եւ շրջանային ընթացիկ հոլովոյթներուն առնչուող հարցեր», կը նշէ դեսպանատան էջը:


