Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Տար Ֆաթուա հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին վարչապետը յայտնած է, թէ կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի դարմանելու տարիներէ ի վեր կուտակուած ճգնաժամեր, որոնցմէ քաղաքացին կը տառապի:
Ան նշած է, թէ նախարարաց խորհուրդի համախմբուածութիւնը բանալին է դիմակայելու երկրին դիմագրաւած խնդիրներէն շատերը, իսկ նախարարաց խորհուրդը համախոհութեան եւ համաձայնութեան վայր է` ի շահ երկրին եւ լիբանանցիներուն:
«Կառավարութեան որդեգրած որեւէ որոշումէ զիջում չկայ, այլ պնդում, կամք եւ վճռակամութիւն, իրագործելու այն, ինչ որ որդեգրուած է նախարարաց խորհուրդին կողմէ, որ նախանձախնդիր է իր որոշումները հանդարտ եւ իմաստուն կերպով գործադրելու սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնութեան եւ կիրարկուող օրէնքներուն ծիրին մէջ, եւ պիտի չարտօնենք զրպարտութիւն կամ խաբէութիւն մեր կառավարութեան կողմէ որդեգրուած կառուցողական մօտեցման վերաբերեալ, որ կը շարունակէ բարեփոխումներ կատարել եւ աշխատիլ Լիբանանը փրկելու ճիրաններէն իսրայէլացի թշնամիին, որ կը շարունակէ խախտել Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
«Կառավարութիւնը ջանք պիտի չխնայէ միջազգային պատուիրակներու հետ ցանկալի լուծման հասնելու եւ իսրայէլացի թշնամիին կողմէ թիրախաւորուած բոլոր տարածքները վերակառուցելու եւ վերականգնելու համար», յայտնած է վարչապետը:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու հարցին` Սալամ ըսած է. «Կառավարութիւնը կ՛ընդգծէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ տարի իրենց ճշդուած ժամկէտին կատարելուն վրայ, եւ իր կառոյցները ամբողջովին պատրաստ վիճակի մէջ են: Ներկայ խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգումը կամ ընտրութիւններու յետաձգումը անընդունելի է, եւ ատոնք ենթադրութիւններ, տեսակէտներ ու վերլուծումներ են:
«Կառավարութիւնը անոնց հետ որեւէ կապ չունի: Երեսփոխանական գործընթացը պէտք է որեւէ բանէ վեր ըլլայ, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու` վերանորոգելու համար պետութեան վերականգնման, լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր սահմանադրական պարտաւորութիւնները կատարելուն, Թաէֆի Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթի գիրի եւ ոգիի կիրարկման համար»:
Միւֆթի Տրիան իր կարգին ըսած է. «Մեծ է մեր վստահութիւնը վարչապետ Նաուաֆ Սալամի քաջութեան, իմաստութեան, վճռակամութեան եւ իր կառավարութեան իր աշխատանքին ու արդիւնքներուն մէջ իւրայատուկ ըլլալուն եւ իր որոշումներու գործադրութեան նկատմամբ, որպէսզի քաղաքացին զգայ, թէ միայն պետութիւնը լիբանանցիներուն յենարանն է, եւ անոնց քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային անվտանգութիւնը ապահովելու ամէնէն կարողը: Անոր վստահուած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը, լիբանանցիներուն շահերը, արժանապատուութիւնն ու անվտանգութիւնը բոլոր տեսակի սահմանադրական հաստատութիւններու ճամբով պաշտպանելը»:


