Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Սայտայի մէջ բացումը կատարեց ճարտարարուեստի յատուկ արհեստներու ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ շատ բնական երեւոյթ է, որ ընդդիմութիւնը չկարենայ հանդուրժել կառավարութեան արդիւնաբեր աշխատանքը:
Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ այս կառավարութիւնը արդիւնաբեր կազմ մը ունի, եւ լիբանանեան ընդդիմութիւնը չի կրնար հանդուրժել այդ իրականութիւնը:


