Այս շաբաթավերջին Աւստրալիոյ մէջ կը սկսի «Ֆորմիւլա 1»-ի 2025-ի տարեշրջանը:
Վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն անգամ մը եւս պիտի փորձէ ախոյեան դառնալ` ըլլալով պատմութեան միայն 2-րդ վարորդը, որ 5 յաջորդական տարիներ ախոյեան կը դառնայ, յաջորդելով Միքայէլ Շումախըրի: Միւս կողմէ, «Մաքլարեն» շատ ինքնավստահ կ՛երեւի, որ ինքնաշարժը շատ աւելի լաւ արդիւնք պիտի տայ այս տարի ալ: Աշխարհի նախկին ախոյեան Լուիս Համիլթըն, որ Միքայէլ Շումախըրի նման 7 անգամ դարձած է աշխարհի ախոյեան, այս տարի ինքնավստահ կը թուի ըլլալ միանալէ ետք «Ֆեռարի»-ի, ուր 40 տարեկանին ինքզինք շատ երիտասարդ կը զգայ եւ յաղթանակի ծարաւ:
2 շաբաթ առաջ կարճ փորձեր տեղի ունեցան Պահրէյնի մէջ, ուր բնաւ չբացայայտուեցաւ, թէ ո՛ր խումբերը որքա՛ն վառելանիւթ լեցուցած ձեւով կատարած էին իրենց լաւագոյն արդիւնքները:
Վերջին օրը Ճորճ Ռասըլ իր «Մերսետես»-ով լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց, մինչ Քարլոս Սայնց իր Ուիլիամսով 2-րդ օրը լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգած էր, իսկ Նորիս իր «Մաքլարեն»-ով առաջին օրուան հերոսն էր:
Մէկ բան յայտնի է, որ բազմաթիւ խումբերու արդիւնքները իրար մօտ պիտի ըլլան, ինչպէս «Մաքլարեն»-ի տնօրէն Զաք Պրաուն յայտնեց: «Շատ սուր մրցակցութիւն պիտի ըլլայ այս տարի: Անցեալ տարի 4 խումբեր տարբեր մրցումներ շահեցան, այս տարի կը կարծեմ, որ աւելի «տաք» պիտի ըլլայ մթնոլորտը», ըսաւ ան:
Իտալացի երիտասարդ մը, որ անցեալ յունուարին իր արտօնագիրը ստացաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի վարորդ ըլլալու, պիտի ունենայ իր առաջին տարեշրջանը` 5 այլ նորեկներու կողքին:
Քիմի Անթոնելլի` 18 տարեկան իտալացին, որուն հօրեղբայրը եղած է «Ֆեռարի»-ի հետ վերջին ախոյեան Քիմի Ռայքոնենի համակիրը, պիտի ըլլայ Համիլթընի յաջորդը «Մերսետես»-ի մէջ, Ճորճ Ռասըլի կողքին:
Անցեալ տարուան «Ֆորմիւլա 2»-ի ախոյեան Անթոնելլի կ՛ուզէ դառնալ պատմական վարորդ մը եւ իր կարծիքով կրնայ ախոյեան Համիլթընի «տեղը լեցնել»:
«Ռետ Պուլ»-ի մէջ, ախոյեան Վերշթափընի խմբակիցը պիտի ըլլայ նոր զելանտացի Լիամ Լոսըն, որ անցեալ տարի 11 կրան փրիի մասնակցած էր «Ար. Պի.»-ի («Ռետ Պուլ»-ի Բ. խումբը) հետ:
«Ֆեռարի»-ի բրիտանացի ակադեմիայի վարորդ Օլի Պերման, որ անցեալ տարի Սէուտական Արաբիոյ մէջ վերջին վայրկեանին փոխարինած էր հիւանդ Քարլոս Սայնցը` դառնալով ամէնէն երիտասարդ «Ֆեռարի»-ի վարորդը: Ան առիթէն օգտուեցաւ Համիլթընին եւ Նորիսին անցնելով եւ գրաւելով 7-րդ դիրքը:
Ան այս տարի պիտի վարէ «Ֆեռարի»-ի մեքենայ գործածող «Հաաս» խումբի ինքնաշարժը:
Պրազիլ վերջին 5 տարիներուն բացակայելէ ետք վերջապէս ունի ներկայացուցիչ մը, եւ Կապրիէլ Պորթոլեթօ պիտի ըլլայ «Սաուպըր» խումբին մէկ վարորդը:
Աւստրալիացի Ճաք Տուհըն պիտի փորձէ իր հօր` Միք Տուհընի յաջողութենէն փոքր մաս մը վայելել «Ֆորմիւլա 1»-ի «Ալփին» խումբին հետ: Միք Տուհըն մոթորսիքլեթի աշխարհի ախոյեան դարձած է 1994-էն 1998 (5 յաջորդական տարիներ):
«Ար. Պի.»-ին միացաւ Իզաք Հաճար, որ 20 տարեկան ալճերիացի-ֆրանսացի մըն է, որ «Ֆորմիւլա 2»-ի փոխախոյեանն էր:
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ «Քատիլլաք» ամերիկեան ընկերութիւնը իրաւասութիւն ստացաւ մաս կազմելու «Ֆորմիւլա 1»-ի 2026-ի տարեշրջանին` դառնալով 11-րդ ընկերութիւնը: «Ճեներալ մոթորզ»-ի մաս կազմող «Քատիլլաք» ընկերութիւնը համաձայնեցաւ «Ֆեռարի»-ի հետ կարգ մը կտորներ գործածել, մինչ վարորդներու գծով շատ անուններ կան, որոնք կրնան անակնկալի մատնել բոլորը, ինչպէս` Մաքս Վերշթափընի եւ Սեպասթիան Ֆեթելի նման անուններ: