Օր մը առաջ իր դաշտին վրայ պարտուելէ ետք, Տենվըր Նակեթց 140-127 արդիւնքով յաղթեց Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 35 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նակեթցի: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն կէտ նշանակողն է այս տարեշրջանին եւ «Էմ. Վի. Փի.»-ի թիւ 1 թեկնածուն, 25 կէտ նշանակեց: Ան 40 կէտ նշանակած էր օր մը առաջ:
Ճամալ Մարէյ 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի, որուն պահեստի մարզիկ Փէյթըն Ուաթսըն 16 կէտ աւելցուց` իր 4 3 կէտնոց կողովներն ալ յաջողութեամբ նշանակելով:
Մայքըլ Փորթըր (17 կէտ), Ռասըլ Ուեսթպրուք (16 կէտ) եւ Քրիսթիան Պրաուն (14 կէտ) շատ լաւ ելոյթ ունեցան Տենվըրի հաշուոյն:
Օքլահոմայի կարտ Լուկենթց Տորթ 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` 26 կէտ ձեռք ձգելով:
Տալաս Մեւրիքս 133-129 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտէն, ուր Սփենսըր Տինուիտի 28 կէտ նշանակեց: Սան Անթոնիոյի լաւագոյն մարզիկն էր Հերիսըն Պարնզ 29 կէտով:
Լէյքըրզ առանց Լըպրոն Ճէյմսի 111-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրուքլինի մէջ: Լուքա Տոնչիչ 22 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ կատարեց, սակայն անոր թրիփըլ տապըլը բաւարար չէր:
Պոսթըն Սելթիքս 114-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը:
Ճէյլըն Պրաուն 26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եութայի լաւագոյն մարզիկն էր Ճոն Քոլինզ (28 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-104
Մայեմի Հիթ – Չարլոթ Հորնեթց 102-105
Պրուքլին Նեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 111-108
Պոսթըն Սելթիքս – Եութա Ճեզ 114-108
Աթլանթա Հոքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 132-123
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տենվըր Նակեթց 127-140
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆինիքս Սանզ 120-118
Հիուսթըն Ռոքեթց – Օրլանտօ Մեճիք 97-84\
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 121-103
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 129-133
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 130-120
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Եորք Նիքս 104-133