Իտալիոյ պատմական բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոնի զաւակը` Լուիս Պուֆոն իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Փիզայի հետ` իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ, երբ Սփեցիայի դէմ դաշտ ներկայացաւ Իտալիոյ «Սերի Պէ.»-ի գծով 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Պուֆոնի խումբը` Փիզա, կը գրաւէ ախոյեանութեան Բ. դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Սասուլոյէն: Սփեցիա 3-րդ դիրքը կը գրաւէ` 3 կէտով ետ մնալով Փիզայէն, որ 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ այս մրցումին:
Նշենք, թէ Լուիս անցեալ դեկտեմբերին 17 տարեկան դարձած էր եւ մաս կը կազմէ Չեխիոյ երիտասարդներու ազգային խումբին` նկատի ունենալով, որ Ճիանլուիճիի կինը` Ալենա Շերետովա չեխ է, եւ զոյգ հպատակութիւն ունի Լուիս Թոմաս:
Նշենք, որ Պուֆոնի զաւակը կոչուած է Լուիս Թոմաս` ի յիշատակ Ճիանլուիճիի մանկութեան հերոս` քամերունցի բերդապահ Թոմաս Նքոնոյի: Ան եղած է Ճիանլուիճիի իտէալը: