ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Փրոֆեսէօր Ճեֆրի Սաքս 19 փետրուար 2025-ին Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ 1 ժամ 38 վայրկեան զգայացունց ելոյթ մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպա-Ռուսիա այժմու եւ գալիք աշխարհաքաղաքականութեան մասին, որուն տեսերիզէն ստորեւ երկու փոքր հատուածներ կը թարգմանեմ (1):
Նախ` ո՞վ է դոկտ. Ճեֆրի Սաքս: Հարվըրտ համալսարանէն շրջանաւարտ, քաղաքական տնտեսութեան եւ միջազգային զարգացման մասնագէտ, Քոլումպիա համալսարանին մէջ դասախօս է: Ան տնտեսական զարգացման, համաշխարհային մեծ տնտեսութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարի աշխարհի առաջատար փորձագէտներէն է: Աշխատանքը զինք տարած է աւելի քան 130 երկիր, եւ ան տասնեակ համաշխարհային առաջնորդներու խորհուրդ տուած է Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի տնտեսական ռազմավարութեան վերաբերեալ (2, 3):
Աջին` Ճեֆրի Սաքս Եւրոխորհրդարանին առջեւ կը դասախօսէ 19 փետրուար 2025-ին:
Սաքսի զրոյցին 5 գլխաւոր բաժիններն են` 1) Միացեալ Նահանգներն (ԱՄՆ) ու միաբեւեռութիւնը, 2) ԱՄՆ-ի ղեկավարած պատերազմներուն հետեւանքները, 3) ԱՄՆ-ը եւ Եւրոպայի կորսուած ձայնը, 4) Գալիք ուղին` արտաքին քաղաքականութեան վերաիմաստաւորում, եւ 5) Կոչ խաղաղութեան: Նախ բացման խօսքը` լման.
«Սա իսկապէս բարդ եւ արագ փոխուող ժամանակաշրջան է ու շատ վտանգաւոր: Այսպիսով, մենք իսկապէս կարիքը ունինք միտքի յստակութեան: Յատկապէս զիս կը հետաքրքրէ մեր այս զրոյցը. այնպէս որ, կը փորձեմ հակիրճ եւ յստակ ըլլալ: Վերջին 36 տարիներուն ընթացքին արեւելեան Եւրոպայի, նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ շատ մօտէն հետեւած եմ: Լեհաստանի կառավարութեան խորհրդականը եղած եմ 1989-ին, նախագահ Կորպաչովին` 1990-1991, նախագահ Ելցինին` 1991-1993, եւ Ուքրանիոյ նախագահ Քուչմային` 1993-1994:
«Էսթոնիոյ դրամանիշի ստեղծումին մասնակից էի: Օգտակար եղած եմ նախկին Եուկոսլաւիոյ երկիրներուն, յատկապէս` Սլովենիոյ: Մայտանէն (Ուքրանիոյ գունաւոր յեղափոխութիւն*) ետք նոր կառավարութիւնը ինձմէ խնդրեց Քիեւ գալ, ու զիս Մայտանի մէջ շրջեցուցին, շատ բան իմացայ անմիջականօրէն: Աւելի քան 30 տարիէ կապի մէջ եմ Ռուսիոյ ղեկավարներուն հետ:
«Մօտէն կը ճանչնամ ամերիկեան քաղաքական ղեկավարութիւնը: Տնտեսութեան նախորդ նախարարը 51 տարի առաջ իմ ուսուցիչս եղած էր: Յստակ գաղափար մը տալու համար ըսեմ, որ մենք կէս դար շատ մտերիմ ընկերներ էինք: Ես բոլոր այսպիսի մարդիկը կը ճանչնամ:
«Այս բոլորը կ՛ըսեմ` բացատրելու համար, որ իմ տեսակէտս երկրորդ անձէ մը չէ՛, այլ` ուղղակի իմս: Ըսածս գաղափարախօսութիւն չէ՛: Այդ ժամանակաշրջանին աչքովս տեսածներս են: Եւրոպայի պատահած իրադարձութիւններու ըմբռնումիս մէջ կը ներառեմ ոչ միայն ուքրանական ճգնաժամը, այլեւ` 1999-ի Սերպիան, Միջին Արեւելքի պատերազմները, ներառեալ` Իրաքը եւ Սուրիան, որոնց մէջ նաեւ Ափրիկէի` Սուտանի, Սոմալիի եւ Լիպիոյ պատերազմները: Ըսելիքներս մեծ չափով կրնան զարմացնել ձեզ եւ հաւանաբար դատապարտուին:
«Ասոնք պատերազմներ են, որոնք ղեկավարած եւ պատճառած են Միացեալ Նահանգները: Եւ այս` աւելի քան 40 տարիէ ի վեր: Յատկապէս` 1990-ին, 1991-ին, իսկ ապա Խորհրդային Միութեան աւարտէն ետք եկան այն տեսակէտին, որ ԱՄՆ-ը այժմ կը ղեկավարէ աշխարհը, եւ թէ` ԱՄՆ-ը պէտք չէ կարեւորութիւն տան` ոեւէ մէկուն տեսակէտին, կարմիր գիծերուն, մտահոգութիւններուն, անվտանգութեան տեսակէտներուն, կամ միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ կամ ՄԱԿ-ի որեւէ կազմակերպութեան օրէնքներուն: Ներողամիտ եղէք, որ այսքան յստակ ու չոր ձեւով ըսի, սակայն կ՛ուզեմ, որ հասկնաք:
«Շատ ջանք թափեցի 1991-ին Միխայիլ Կորպաչովին օգնելու համար, որ, իմ կարծիքով, արդի ժամանակներու ամենամեծ պետական գործիչն էր: Վերջերս կարդացի օրին` Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին (ԱՄՆ*) իմ առաջարկիս քննարկումի արխիւային յուշագիրը, թէ` ինչպէս անոնք ամբողջութեամբ մերժեցին զայն եւ օրակարգէն դուրս շպրտեցին ու ծիծաղեցան, երբ ըսի, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է օգնեն Խորհրդային Միութեան տնտեսական կայունացման եւ բարեփոխումներու հարցերուն: Այնտեղ, մասնաւորապէս` Հարվըրտի իմ նախկին գործընկերներէս ոմանք, ըսած են, որ մենք կ՛ընենք նուազագոյնը` աղէտը կանխելու համար, սակայն` նուազագո՛յնը: Մեր գործը օգնել չէ՛: Այլ ճիշդ հակառա՛կը:
«Տիք Չէյնին (ԱՄՆ-ի փոխնախագահ*) Փոլ Վոլֆովիցը (ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան փոխնախարար*) եւ շատ այլ անուններ, զորս դուք կը ճանչնաք, բառացիօրէն կը հաւատային, որ այժմ ԱՄՆ-ի աշխարհն է այս, եւ մենք կ՛ընենք այնպէս, ինչպէս կ՛ուզենք: Մենք պիտի մաքրագործենք նախկին Խորհրդային Միութիւնը:
«Մենք դուրս կը բերենք մնացեալ բոլոր դաշնակիցները (Ռուսիոյ ազդեցութենէն*): Այն երկիրները, ինչպիսիք են Իրաքը, Սուրիան եւ այլն, պիտի մեկնին (պատժուին*): Այս արտաքին քաղաքականութիւնը արդէն 33 տարի է կ՛ապրինք: Եւրոպան ասոր համար ծանր գին վճարեց, քանի որ այս ընթացքին որեւէ ուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն չէ ունեցած, որ ես կրնամ յայտնել: Ո՛չ մէկ ձայն, ո՛չ միասնութիւն, ո՛չ մէկ յստակութիւն, ո՛չ մէկ եւրոպական շահ, մի՛այն` Ամերիկայի հաւատարմութիւն:
«Եղած են պահեր, երբ կային տարակարծութիւններ, որոնք, կը կարծեմ, հիանալի անհամաձայնութիւններ էին, յատկապէս վերջինը` կարեւոր ժամանակաշրջան էր 2003-ին` Իրաքի պատերազմին, երբ Ֆրանսան եւ Գերմանիան ըսին, որ մենք չե՛նք ընդունիր, որ Միացեալ Նահանգները շրջանցեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այս պատերազմին համար: Այդ պատերազմը, ի դէպ, ուղղակիօրէն յօրինուած է Նեթանեահուի եւ ԱՄՆ-ի` Փենթակոնի իր գործընկերներուն կողմէ: Ես չե՛մ ըսեր, որ փոխադարձ շահու համար էր այլ կ՛ըսեմ, որ ուղղակի՛ նախայարձակ պատերազմ էր, որ Իսրայէլի՛ համար սկսանք:
«Այդ պատերազմ էր, որ Փոլ Վոլֆովիցն ու Տակլըս Ֆայֆը (Փենթակոնի բարձր պաշտօնեայ*) համակարգեցին Նեթանեահուի հետ: Այդ վերջի՛ն անգամն էր, որ Եւրոպան ձայն ունէր: Այն ժամանակ խօսեցայ եւրոպացի առաջնորդներու հետ, անոնք շատ յստակ էին, ու այդ իսկապէս հրաշալի էր: Անկէ ետք Եւրոպան ամբողջութեամբ կորսնցուց իր ձայնը, յատկապէս` 2008-ին: Այժմ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 1991-էն ետք, հասնելով 2008-ին, այն է, որ Միացեալ Նահանգները որոշեցին, թէ միաբեւեռութիւնը կը նշանակէ, որ ՕԹԱՆ-ը Պրիւքսելէն մինչեւ Վլատիվոսթոք քայլ առ քայլ պէտք է ընդլայնուի: …. 1994-ին նախագահ Քլինթըն ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք տարածումի որոշումը ստորագրեց»:
Այժմ Սաքսի ելոյթին 24 էջ սղագրութենէն այլ ուշագրաւ հատուած մը ներկայացնելով պիտի բաւարարուիմ. «….Երբ 1991-ին Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, ԱՄՆ-ի մէջ բառացիօրէն հաւատացին, որ աշխարհը իրենց կը պատկանի, եւ ուզածնին պիտի ընեն:
«Միջին Արեւելքի պատերազմները, Սերպիան եւ Ափրիկէի պատերազմները ԱՄՆ-ը պատճառեցին եւ առաջնորդեցին, եւ այս` 40 տարիներ շարունակ: Այս ընթացքին Եւրոպան չէ ունեցած որեւէ արտաքին քաղաքականութիւն, որ կրնամ հասկնալ: Ո՛չ ձայն, ո՛չ միասնութիւն եւ ո՛չ ալ յստակութիւն, մի՛այն` Ամերիկայի լուռ ու մունջ հաւատարմութիւն:
«Կը խնդրեմ, որ ամերիկացի պաշտօնեաներ չունենա՛ք Եւրոպայի գլխուն: Ունեցէք եւրոպացի՛ պաշտօնատարներ, եւրոպակա՛ն ուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն, քանի որ շատ երկար տարիներ Ռուսիոյ հետ է, որ պիտի ապրիք:
«Ուստի կը խնդրեմ, որ Ռուսիոյ հետ բանակցիք: Նախագահներ Թրամփ եւ Փութին պիտի համաձայնին դադրեցնելու (Ուքրանիոյ*) պատերազմը: Եթէ Եւրոպան շարունակէ իր սաստիկ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն ու կեցուածքը, կարեւորութիւն չունին, քանի որ պատերազմը դադրելու վրայ է: Այս օրերուս այս իրականութեան մասին ո՛չ մէկ բառ կ՛ըսուի ամերիկացի ժողովուրդին, կամ` ձեզի, որեւէ բանի մասին, կամ ձեր թերթերէն որեւէ մէկուն մէջ:
«Այն գաղափարը, թէ Փութինը Ռուսական կայսրութիւնը վերականգնելու ծրագիր ունի, մանկական քարոզչութիւն է: Ուրեմն պատերազմը սկսաւ, ի՞նչ էր Փութինին նպատակը պատերազմին… Ես կրնամ ըսել, թէ իր նպատակը ի՛նչ էր: Երբ Զելենսքին 7 օր ետք ըսաւ. «Եկէք, բանակցինք» ես անոր մանրամասնութիւններուն կատարելապէս լաւատեղեակ եմ: Ես իսկոյն Անգարա մեկնեցայ մանրամասնօրէն լսելու, թէ միջնորդները ի՛նչ կ՛ընէին:
«Ուքրանիան միակողմանիօրէն հեռացաւ գրեթէ հասունցած համաձայնութենէն: Ինչո՞ւ… քանի որ Միացեալ Նահանգնե՛րը իրենց այդպէս ըսին: Ես աղաչեցի ուքրանացիներուն, որ չհեռանան, քանի որ ես ուքրանական փորձառութիւն ունեցած եմ: Ուքրանացիներուն խորհուրդ տուի, որ ես երբե՛ք հակաուքրանական չեմ: Ես լիովին ուքրանամէտ եմ:
«Անոնց ըսի` փրկեցէ՛ք ձեր կեանքը, փրկեցէ՛ք ձեր ինքնիշխանութիւնը, փրկեցէ՛ք ձեր տարածքը, չէզո՛ք եղէք: Ամերիկացիներուն մտիկ մի՛ ընէք: Ես անոնց կրկնեցի Հենրի Քիսինճըրի յայտնի խօսքը. «Միացեալ Նահանգներուն թշնամի ըլլալը վտանգաւոր է, սակայն ընկեր ըլլալը` մահացու»»: Վերջ:
Ահաւասիկ` Սաքսի այս կարեւոր ու յատկանշական ուղերձը, որ շատ պատշաճօրէն կը յարմարի Հայաստանին: Հայաստանը խելագարի նման, պատմական այս բացառիկ օրերուն, երբ աշխարհակարգը շրջադարձի մէջ կը գտնուի, այս իշխանութեան բովանդակ ձախաւեր, անճարակ ու հակահայ քաղաքականութիւնը, դիւանագիտական անհաւատալի ինքնակործան արարքներով, բռնած է մահացու ուղին: Ետդարձ կատարելը ուշ չէ, արդէն Ռուսիոյ հետ դաշնակցային եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք, որուն վրայ փոխադարձ կերպով պէտք է գուրգուրալ:
26 փետրուար 2025
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմ կողմէս
- https://www.islamicity.org/104151/jeffrey-sachs-brings-real-politics-to-the-eu-parliament/
- https://en.wikipedia.org/wiki/Jeffrey_Sachs
3. https://www.congress.gov/117/meeting/house/114542/witnesses/HHRG-117-GO00-Bio-SachsJ-20220329.pdf