Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Կէս Պրաւօ՜, Միրզոյեան…

Մարտ 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Պրաւօ»-ին կէսը… «ՊՐԱ՞» է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կէս պրաւօ մը շահեցաւ երկուշաբթի, 24 փետրուարին, երբ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նիստին, բացէ ի բաց Ազրպէյճանը մեղադրեց հայ քաղաքական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ Պաքուի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկելու եւ խաղաղութեան երթը խափանելու յանցանքներով: Յաջորդ օրը ՔՊ-ական մըն ալ Երեւանէն կրկնեց մեղադրանքը:

Այս ի՜նչ յանդգնութիւն… այս ի՜նչ ճշմարտախօսութիւն… Իսկ եթէ պահ մը հաշուի առնենք, որ սա 180 աստիճանի տարբերութիւն ունի ՔՊ-ապետին ու այլոց ծանօթ կեցուածքներէն, կրնանք արաբներուն պէս ըսել. «Ըհթար-նա եա գարաա մըն-ուէյն պատնա-ն-պուսէք» (որ թարգմանի` «Շուարած ենք անմազ գլուխ, թէ քեզ ո՞ր կողմէդ պէտք է համբուրենք»):

Բայց դիւանագիտութեան պետը չի՞ վախնար, որ պոսը դարձեալ զինք ստախօս հանէ, ինչպէս ըրած էր Արցախի վերջնական բռնագրաւման օրերուն. կը յիշէ՞ք. Միրզոյեան ՄԱԿ-ի բեմէն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրած էր հայաջինջ ընթացքի համար, իսկ իր պոսը անմիջապէս փութացած էր ձայնակցելու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին ու` յայտարարած, թէ Արցախի մէջ ամէն բան լաւ է, ո՛չ մէկ վտանգ:

Արդեօք Միրզոյեա՞նն ալ շուտով իր բջիջային հեռաձայնին վրայ պիտի ստանայ հրաժարականի պահանջի… հրահանգ մը: Չէ՜, նման վախ չունի, որովհետեւ նման մեղադրանքներ կ՛իյնան մարդիկ մոլորեցնելու «մարտավարութեան» ծիրին մէջ, որպէսզի վաղը ընդդիմադիրներուն եւ առհասարակ ազգի շահերուն հաւատարիմ քաղաքացիներուն ըսեն. «Տեսէք, որքա՛ն ամուր կը պաշտպանենք մեր գերիներուն ու պատանդներուն շահերը…»:

***

Միրզոյեանի շահած «պրաւօ»-ին կէսը պիտի չզեղչէինք, եթէ ան բաւականանար անվիճելի եւ բոլորիս քուէն վայելող մեղադրանքով: Բայց ո՜չ… Այս մարդուկն ալ ՔՊ-ական է ի վերջոյ, ու չի կրնար ծուռ բան ընելէ խուսափիլ: Հայկական առածը գիտէ՛ք կաթնտու ծուռ կովուն մասին… Եւ ահա, մեղադրանքէն ետք, ան պայուսակէն հանած է ծանօթ սկաւառակը եւ սկսած է գեղգեղել. «Ալմա Աթայի հռչակագիր… Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկայ… պատրաստ է ճամբաներ բանալու… Պէտք է ետ կենանք սպառազինումէ…»: Եւ ճիշդ հո՛ս է, որ արդէն ան դարձեալ գործնապէս կը վկայէ, որ մեր դիւանագիտութիւնը բացարձակապէս կտրուած է իրական աշխարհէն, մոռցած է, որ Ազրպէյճան անընդհատ կը զինուի ու զօրավարժութիւններ կ՛ընէ (պակսողն ալ կ՛ամբողջացնէ` Փաքիստանէն օդանաւեր գնելով), կը պահանջէ Հայաստանի սահմանադրութեան վերախմբագրումը (մէկը դեռ կասկած ունի՞, թէ ինչո՛ւ), որքան ալ ՔՊ-ականներ երդում-պատառ ըլլան, թէ նման հարց չկայ:

Մոռացկոտ եւ կոյր ձեւացող Միրզոյեանին անմիջապէս յիշեցումներ ըրաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Էլնուր Մամետով: Ան հաւանաբար մտածեց. «Մեր լուռ համաձայնութիւններուն մէջ ձեզի իրաւունք չէինք տուած մեզ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու… Եթէ դուք մոռացկոտ էք, մենք այդպէս չենք, հող-հաշիւ ունիք տալիք…»:

Իսկ եթէ ազերիական նախորդ պահանջները (նոր հողերու պահանջ, ազերիներու` Հայաստան բնակեցում, բանակի կազմալուծում եւ մասամբ նորին) իբր թէ անպատասխան ձգելը կամ ուրիշ կողմ նայիլը դիւանագիտական «վարպետի հարուած» է, վերը կէս մնացած «պրաւօ»-ն ալ կը հալի-կը մաշի, տակը կը մնայ (դո՛ւք ըսէք` ի՛նչ):

25 փետրուար 2025

Նախորդը

Մի Շերեփ Լոյս

Յաջորդը

Քոլումպիա Համալսարանին Մէջ. «Կրթութիւն, Խաղաղութիւն Եւ Կամուրջ-Հաստատելու Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Դերակատարութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Վեր. Փ. Հայտոսթեանի Կողմէ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?