Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 8` Կիներու Միջազգային Օր

Մարտ 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ

Կիներու միջազգային օրը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուեցաւ 1977-ին, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ հրապարակուեցաւ բանաձեւ մը, որուն հիմամբ 8 մարտը հռչակուեցաւ  Կիներու իրաւունքներու եւ համաշխարհային խաղաղութեան միջազգային օր` նկատի ունենալով կիներուն ջանքերը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի բռնարարքներու կասեցման մէջ:

Սակայն Կիներու միջազգային օր մը նշանակելու գաղափարը ծնունդ առած է 1909-ին, երբ Ամերիկեան համայնավար կուսակցութեան կողմէ փետրուար 28-ը ճշդուեցաւ օր մը` պարգեւատրելու համար Նիւ Եորքի հագուստի գործարաններուն մէջ աշխատող բոլոր այն կիները, որոնք 1908-ին գործադուլ մը կատարած էին բողոքելու համար աշխատանքային պայմաններուն եւ ցած աշխատավարձին դէմ:

1910-ին Քոփենհակընի մէջ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր ժողովին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ կիներու յատուկ միջազգային օր մը ճշդելու գաղափարը` առ ի զօրակցութիւն արական սեռին հետ հաւասար դասուելու եւ իրենց դէմ խտրութեան վերջ տալու ջանքերուն:

Քոփենհակընի բանաձեւը գործադրելու ծիրին մէջ 8 մարտ 1911-ին առաջին անգամ ըլլալով է, որ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը` Շուէտի, Դանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, ուր կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց մասնակցեցան մօտ 1 միլիոն կիներ եւ պահանջեցին` քուէարկութեան իրաւունք, կառավարական դիրքեր եւ շատ մը այլ աշխատանքներ:

Մարտ 8 իւրաքանչիւր տարի կը տօնուի ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն մէջ` տարբեր թեմաներով: Այս տարուան թեման հետեւեալն է. «For All Women and girls rights equality and empowernment», որ կը թարգմանենք հետեւեալ ձեւով, «Բոլոր կիներուն եւ աղջիկներուն` իրաւունքները` հաւասարութիւն եւ ուժականութիւն»: Այս թեմայով կը հրաւիրուին բոլոր կիները քայլեր առնելու դէպի յառաջ` ապագայի այն տեսլականով, որ երիտասարդ կիներն ու աղջիկները ուժականութիւն ունենան դիմակայելու այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք կը խանգարեն մարդոց էութիւնը եւ հաւասարութիւնը:

Պէտք է յիշել, որ 2025 թուականը կարեւոր է հաւասարութեան եւ կիներու հզօրացման համաշխարհային հետապնդման համար, քանի որ այս տարի կը նշուի Փեքինի հռչակագիրի եւ 4-րդ Համաշխարհային համաժողովի 30-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ 1995 թուականին, Չինաստան, 189 պետութիւններու ներկայութեամբ:

Հոն հաստատուեցաւ նախագիծը, եւ մշակուեցան քաղաքականութիւններ կնոջ հաւասարութեան վերաբերող` զանազան մարզերու մէջ` կրթութիւն, առողջութիւն, խաղաղութիւն, քաղաքական մասնակցութիւն, տնտեսական հզօրացում եւ կիներու դէմ բռնութեան վերացում: Հարկ է յիշել, որ ասոնց կողքին ներկայիս ունեցանք կլիմայական փոփոխութիւններ, մթնոլորտային հարցեր եւ դժբախտաբար անվերջ պատերազմներ` աշխարհի չորս ծագերուն, յիշելով Արցախի, Կազայի եւ Ուքրանիոյ պատերազմները, ուր միշտ կինը` որպէս տկար անձ, ծանր գին վճարած է:

Այլ խօսքով, Փեքինի հռչակագիրին 30-ամեակը կու գայ անապահով եւ ճգնաժամային բարդ տագնապներու ընթացքին, երբ միայն անցեալ տարի 612 միլիոն կին եւ աղջիկ ապրած են զինուած հակամարտութիւններու եւ դաժան իրողութիւններու մէջ, եւ այս ձեւով 50 առ հարիւրով աւելցած են բռնութիւնը եւ կիներու հանդէպ բռնաբարութիւնը:

Այս բոլորին լոյսին տակ, ՄԱԿ-ի համաշխարհային արշաւը այս տարի կ՛ընդգրկէ հետեւեալ քայլերն ու ձեռնարկում` 3 հիմնական ոլորտներու մէջ:

Ա.- Արագացնել մարդկային իրաւունքներէ բխած կնոջական իրաւունքներու եւ հաւասարութեան ձեռքբերումը բոլոր մարզերուն մէջ, մանաւանդ` բռնութեան եւ խտրականութեան դէմ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Բ.- Նպաստել սեռային հաւասարութեան` լուծելով բոլոր այն խոչընդոտները, որոնք կ՛առաջնորդեն կիները լուսանցքային դրութեան մէջ գտնուելու` արմատացած անհաւասարութիւնները վերափոխելով եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնելով:

Գ.- Հզօրացնել կիներուն եւ աղջիկներուն ներուժը` ապահովելով կրթութեան բարձր մակարդակ, աշխատանքային առաջնորդութիւններ եւ որոշումներ կայացնելու  պատասխանատուութիւններ: Նաեւ` ձեռնարկել համայնքային ղեկավարութեան եւ քաղաքացիական ազդեցիկ գործողութիւններ ու  կորով ներշնչել:

Այս բոլորը կարելի է կատարել, եթէ կառավարութիւնները, համայնքի ղեկավարները, երիտասարդ ուժերը ձեռք-ձեռքի տալով` ձեռնարկեն յաջող քայլերու եւ ներդրումներ կատարեն կնոջական իրաւունքները եւ սեռային հաւասարութիւնը պահելու նպատակով: Պէտք է ընդունինք, որ Փեքինի հռչակագիրը փոխեց կիներու իրաւունքներու օրակարգը:

1.- Մինչեւ 1995 թուական միայն 12 երկիրներ ունէին իրաւական պատժամիջոցներ` ընտանեկան բռնութեան դէմ: Այսօր 193 երկիրներու մէջ կան 1583 տարբեր օրէնսդրական միջոցառումներ, որոնց 354-ը յատկապէս ընտանեկան բռնութեան դէմ է: Այս օրէնքները լիովին կը մերժեն չարաշահումներու եւ պատիժներու հանդուրժողական վիճակը կիներու մօտ:

2.- Ծառայութիւններու դիւրութիւն. Փեքինի հարթակը կը պահանջէ հիմնական ծառայութիւնները բռնաբարուած կիներուն, որոնցմէ ինը` ապաստարաններ, իրաւաբանական օգնութիւն, խորհրդատուութիւններ եւ բռնութենէ վերապրած կիներու առողջութիւնը: Պէտք է ըսել, որ շատ մը երկիրներու մէջ ընդլայնուած են այս ծառայութիւնները, որոնց կարգին է Լիբանանը, ուր ներկայիս կառավարութեան եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ջանքերով գոյութիւն ունին ապաստարաններ, ուր բռնաբարուած կիները կրնան դիմել եւ հոն ապաստան գտնել` մինչեւ իրենց հարցերուն լուծումը:

3.- Երիտասարդներու ներգրաւում. Փեքինի օրակարգէն բխած` կարեւոր դեր կը կատարեն երիտասարդներու ներդրումը եւ անոնց աշխուժ աշխատանքը` սեռային հաւասարութեան շարժումներու մէջ: Ներկայիս երիտասարդներու ներուժի ամրապնդումը կը կատարուի իրենց ուսումով, աշխատանքով եւ քաղաքական կեանքի մէջ ներգրաւուելով, կ՛առաջնորդէ գալիք սերունդի կիներու եւ աղջիկներուն հաւասար իրաւունքներուն` բոլոր ժամանակներուն:

4.- Կնոջ առաքելութիւնը խաղաղութեան մէջ: Փեքինի ժողովի օրակարգէն բխած` կարեւոր աշխատանք կը տարուի հանրային կեանքի մէջ կիներուն դերակատարութիւնը ապահովելու, նաեւ` քաղաքական մասնակցութիւն եւ պետական հաստատութիւններու մէջ, ղեկավար դիրքերու վրայ ներկայութիւն ամրապնդելու նպատակով: Ինչպէս նաեւ` մշակել ազգային ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ վաւերացնել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ առիթ կու տայ կիներուն` գտնուելու որոշում կայացնողի դիրքի վրայ: Հոս յիշենք, որ 30 տոկոս չափաբաժինի (քոթա) դրութիւնը կը պահանջուի իւրաքանչիւր երկրի մէջ իրագործել, եթէ ոչ` 50 առ հարիւր չափաբաժին, այսինքն` հաւասարութիւն այր եւ կնոջ միջեւ:

Թէեւ ներկայիս Լիբանանի նորակազմ դահլիճին  մէջ բաւական յաջողութիւն ձեռք ձգուած է` 24 նախարարէն 5-ը կիներ են (20,8 տոկոս) համեմատութեամբ, եւ հպարտօրէն ըսենք, որ անոնցմէ մէկը հայ նախարարուհի մըն է: Ասիկա բաւական ուշագրաւ բարձրացում է (4,2 տոկոս)` նախկին դահլիճին հետ բաղդատելով: Սակայն Լիբանանի մէջ շատ աւելին կը սպասուի տարբեր մակարդակներու վրայ` ըլլայ պետական, ըլլայ անձնական ընկերութիւններու մէջ:

Կիներու միջազգային օրուան առիթով հարկ է յիշել եւ անդրադառնալ ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւին, որ 2000 թուականին վաւերացուած է եւ կը վերաբերի կնոջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան` բոլոր այն երկիրներու մէջ, ուր պատերազմ գոյութիւն ունի, եւ ուր պէտք է կնոջ ապահովութիւնը երաշխաւորուի: Բանաձեւը կ՛ընդգրկէ 4 տարբեր գլուխներ, որոնք են`

1) Կանխարգիլում
2) Պաշտպանութիւն
3) Մասնակցութիւն
4) Ապաքինում

Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդը արդէն իսկ ծրագիրներ կը մշակէ եւ բաւական յառաջդիմած է այս բանաձեւի  գործադրութեան մէջ` վարժանիստերու ընդմէջէն: Այս պարագային պետական, տեղական թէ համաշխարհային առումով, կինը իր մասնակցութիւնը կը բերէ, որոշում կայացնող սեղաններու ետին կ՛ըլլայ եւ հաւանաբար իր գիտակցութեամբ եւ համբերատարութեամբ կարենայ կանխարգիլել պատերազմի եւ կռիւներու ընդհանուր որոշումները: Գալով կնոջ պաշտպանութեան` հարկ է պաշտպանել զանոնք բռնաբարումներէ, ստիպողական գաղթերէ եւ բռնութիւններէ: Ապաքինումի պարագային, մանաւանդ` առողջապահական իմաստով, ինչպէ՞ս փրկել կիները, որոնք ընդհանրապէս հոգեկան տագնապներ կը դիմագրաւեն եւ որոշ ախտերէ կը տառապին, ինչպէս նաեւ անոնց առիթ տրուի աշխատելու, իրենց ընտանիքներուն հոգալու, մանաւանդ երբ տան հայրերը կամ եղբայրները պատերազմի գացած են եւ կամ արդէն` մեռած:

Կիներու ազգային խորհուրդը այս հարցին շուրջ արդէն իսկ բաւական գործակցած է Լիբանանի կառավարութեան 5 նախարարութիւններու հետ` պաշտպանութեան, ընկերային հարցերու, ներքին գործոց, արտաքին գործոց եւ արդարութեան նախարարութիւններու հետ:

Այս գործակցութիւններու ընդմէջէն խորհուրդը կ՛աշխատի քաղաքապետական եւ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին լիբանանցի կնոջ ներկայացուցչութիւնը աւելցնել` համեմատութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ, եւ մասնաբաժինը նուազագոյնը 30 առ հարիւր համեմատութեամբ յարգուի: Այս քայլը էական է` տրուած ըլլալով, որ 2030 տարին ժամկէտ նշանակուած է որպէս սեռերու միջեւ հաւասարութեան` 50 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Հարկ է յիշել, որ նորակազմ նախարարաց խորհուրդը պատրաստեց իր ծրագիրի նախագիծը, որ կ՛ընդգրկէ կնոջական ներուժի որոշ հատուած մը: Հոն կը յիշուի, որ հարկ է զարկ տալ մշակոյթի, արուեստի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ կիներու մասնագիտական աշխատանքին, նաեւ մեղմօրէն անդրադարձ կը կատարուի կիներու այլ կարողականութիւններուն` քաղաքական, գիտական, տնտեսական, ճարտարագիտական եւ այլն: Պէտք է ընդգծել, որ ներկայիս լիբանանցի կիները իրենց գիտական, հաշուապահական եւ քաղաքական կարողութեամբ կը գերազանցեն այրերը տարբեր շրջանակներու մէջ:

Մարտ 8-ի առիթով կը շնորհաւորեմ լիբանանցի բոլոր կիները եւ իրենց ընդմէջէն` հայ լիբանանցի կիները, եւ կը մաղթեմ, որ մօտ ապագային անոնց ներդրումը ըլլայ հաւասար այր մարդուն` ազգային, պետական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքէն ներս, որովհետեւ այդ մասնակցութիւնը պիտի օգնէ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման վերելքին:

Մարտահրաւէրները շատ են, մանաւանդ ներկայիս` համաշխարհայնացման իբրեւ արդիւնք, ու նաեւ` ընկերային ցանցերու ժխտական դերակատարութիւններով, սակայն պէտք չէ տատամսիլ եւ յուսահատիլ: 1995-ի Փեքինի կնոջ համաշխարհային համագումարին բնաբանն էր` «Հազար մղոնի ճամբորդութիւնը կը սկսի առաջին քայլով»:

Մենք արդէն այդ առաջին քայլերը առած ենք եւ`  բաւական ճամբայ կտրած, սակայն կը շարունակենք մեր ժրաջան աշխատանքը դէպի իրաւունքներու հաւասարութեան 50-50, եւ այդ պիտի ըլլայ իր ժամկէտին` 2030 թուականին:

 

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Գործենք` Կերտելու Աւելի Ապահով Ու Հզօր Հասարակութիւն Մը

Յաջորդը

ՖԻՖԱ 2025-ի Ակումբներու Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն 1 Միլիառ Տոլար Պիտի Բաժնէ Խումբերուն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?