Այսօր տեղի կ՛ունենան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով 5 մրցումներ, ուր պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Նիւքեսըլը (5-րդ դիրք), մինչ Նոթինկհամ Ֆորեսթ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը:
Ֆորեսթ, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, բաւական յաջող տարեշրջան մը կը բոլորէ, եւ 47 կէտ ձեռք ձգած է, հակառակ անոր որ վերջին 5 մրցումներուն 2 յաղթանակ կրցած է ապահովել, մինչ Արսենալ իր կարգին վերջին 5 մրցումներուն 2 պարտութիւն կրած է` մեծ մասամբ ազդուելով իր վիրաւոր մարզիկներու բացակայութենէն: Կապրիէլ Ժեսուս, Քայ Հավերթց եւ Կապրիէլ Մարթինելլի միացան աւելի առաջ վիրաւորուած Պուքայօ Սաքային, մինչ ճափոնցի Թաքեհիրօ Թումիյասու 2021-էն ի վեր 65 մրցում խաղցած է` բացակայելով մօտ 100 մրցումներէ, յաճախ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Նիւքեսըլը, որ վերջին 5 մրցումներէն 2-ին պարտուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի եւ Ֆուլհամի դէմ:
Ստորեւ` յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Պրենթֆորտ – Էվըրթըն
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Արսենալ
Թոթենհամ – Մանչեսթըր Սիթի
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Իփսուիչ
Լիվըրփուլ – Նիւքեսըլ
ՎԱՂԸ
Ուեսթ Համ – Լեսթըր Սիթի
Սպանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Քոփա Տել Ռէյ» բաժակի մրցաշարքին գծով Ռէալ Սոսիետատ – Ռէալ Մատրիտ մրցումը` կիսաւարտականի գծով:
Երթին տեղի ունենալիք այս մրցումին, հայազգի Արսէն Զախարեան (21 տարեկան), որ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով Սոսիետատի հիմնական կազմէն խաղցաւ, վիրաւորուելէ ետք իր վերադարձին կոլ մըն ալ նշանակած էր Լեղանեսի դէմ: Ան առիթ ունի Ռէալ Մատրիտի դէմ փայլելու` ուշադրութիւնը գրաւելով աւելի լաւ ակումբներու:
Գերմանիոյ մէջ, բաժակի մրցաշարքի (Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ) քառորդ աւարտականի գծով Ռետ Պուլ Լայփցիկ պիտի հիւրընկալէ Վոլֆսպուրկը: Շթութկարթ եւ Պայեր Լեւերքուզըն արդէն իսկ կտրած են կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Իտալիոյ մէջ, բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին գծով, Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Էմփոլին: Մօտ երեք շաբաթ առաջ Եուվէ 4-1 արդիւնքով յաղթած էր Էմփոլիի, սակայն բաժակի մրցումները տարբեր կրնան ըլլալ, եւ Եուվէ պէտք է աւելի զգուշ ըլլայ, մանաւանդ որ Էմփոլի կորսնցնելիք բան չունի:
Ֆրանսայի մէջ, բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին գծով, Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Սթատ Պրիոշեն խումբին (Դ. դասակարգ), որ անցեալ հանգրուանին դուրս ձգած էր Նիսը` 97-րդ վայրկեանին նշանակուած կոլի մը շնորհիւ:
Պրեսթ պիտի մրցի Տիւնքերքի դէմ: