«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, երէկ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ Արեւմտեան շրջանի լաւագոյն խումբն է, հիւրընկալեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը, եւ 4-րդ մասին սկիզբը 102-80 արդիւնքով կը սուրար դէպի 47-րդ յաղթանակ:
Սակայն Մինեսոթա, որ 25 կէտով ետ կը մնար 3-րդ մասի կէսերուն, ինքզինք վերագտաւ եւ 41 կէտ նշանակեց 19-ի դիմաց` մրցումը աւարտելով 121-121 արդիւնքով: Երկարաձգման, Մինեսոթա 10-7 արդիւնքով յաղթեց: Երկուշաբթի առաւօտ նոյն մրցակիցէն պարտուած էր, կրցաւ իր վրէժը լուծել:
Մինեսոթա դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին խումբը, որ դաշտէն դուրս առնուազն 20 կէտով ետ մնալէ ետք վերջին մասին, խումբի մը դէմ, որ իր մրցումներուն 80 տոկոսը շահած է, յաղթանակի կը վերածէ պարտութիւնը:
Օքլահոմա շատ հանգիստ կողովներ կորսնցուց, մինչ Չեթ Հոլմկրեն մարզիչին որոշումով դադար առած էր, իսկ Այզիա Հարթընսթին երկրորդ մասին քիթը արիւնելէ ետք չվերադարձաւ դաշտ: Մինեսոթայէն կը բացակայէր ֆրանսացի սենթըր Ռուտի Կոպեր, որ կռնակի ցաւէ կը տառապի:
Ճէյտըն Մաքտանիելզ 27 կէտ նշանակեց եւ Անթոնի Էտուըրտծ կարեւոր պլոք մը կատարեց Շէյ Կիլճիըս – Ալեքզանտրի վրայ, մինչ Նեզ Ռետ (22 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Նիքէյլ Ալեքսանտր-Ուոքըր 21 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որուն թիւ 1 աստղ Անթոնի Էտուըրտծ 4-րդ մասի կէսերուն դուրս եկաւ դաշտէն` նշանակելով 17 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարելով:
Տենվըր Նակեթցի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 18 կէտ նշանակեց եւ 19 էսիսթ կատարեց Ինտիանայի մէջ, ուր Նակեթց պարտութեան մատնեց Փէյսըրզը` 125-116 արդիւնքով:
Եոքիչի ասպարէզի ամէնէն շատ էսիսթներն էին մէկ մրցումի ընթացքին:
Ինտիանայի աստղ Թայրիս Հելիպըրթըն 19 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց: Վերջերս Սաքրամենթօ փոխանցուած Զաք Լըվին 42 կէտ նշանակեց Չարլոթ Հորնեթցի դէմ մրցումին, ուր Քինկզ 130-88 արդիւնքով յաղթեց: Մայլզ Պրիճզ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Չարլոթի:
Շիքակօ Պուլզ ծանր պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը` 142-110 արդիւնքով, այս վերջինիս դաշտին վրայ, ուր կը խաղար առանց Ժոել Էմպիիտին, Քայլ Լաուրիի եւ Էրիք Կորտընի:
Քելլի Ուպրէ եւ Փոլ Ճորճ 19-ական կէտեր նշանակեցին, մինչ Թայրիս Մեքսի 13 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, բայց բաւարար չէր, մանաւանդ որ Շիքայկոյէն Ճոշ Կիտի (25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), Քեւըն Հէօրթըր (23 կէտ), Զաք Քոլինզ (19 կէտ), Մաթաս Պազլիս (17 կէտ), Տէյըն Թերի (17 կէտ) եւ Քոպի Ուայթ (15 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան Շիքակոյի հետ:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պրուքլին Նեթց 107-99
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Շիքակօ Պուլզ 110-142
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տենվըր Նակեթց 116-125
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 106-97
Աթլանթա Հոքս – Մայեմի Հիթ 98-86
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 128-131
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 112-114
Սաքրամենթօ Քինկզ – Չարլոթ Հորնեթց 130-88