Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Պարտուեցաւ Կոլտըն Սթէյթէն. Քլիվլենտ Եւ Օքլահոմա Կը Շարունակեն…

February 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Տալաս Մեւրիքս, որ բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէր վերջերս, պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն, 126-102 արդիւնքով:

Տալաս, որ իր վերջին 6 մրցումներէն 5-ը յաղթած էր առանց Տոնչիչի (որ միացած էր Լէյքըրզին), պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթէն, որ իր կարգին իր վերջին 6 մրցումներուն 5 յաղթանակ արձանագրած էր` ձեռք ձգելէ ետք Ճիմի Պաթլըրը:

Սթեֆըն Քըրրի 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուորիըրզին, մինչ Պաթլըր 18 կէտ աւելցուց. Տալասէն անգամ մը եւս բացակայեցաւ Լէյքըրզէն նոր միացած Անթոնի Տէյվիսը, ինչպէս նաեւ խումբին 3 սենթըրները, որոնք վիրաւոր են: Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն եւ Քայրի Ըրվինկ 17-ական կէտեր նշանակեցին Տալասի հաշուոյն:

Քլիվլենտ եւ Օքլահոմա, որ այժմու լաւագոյն խումբերն են, յաղթանակներ արձանագրեցին Մեմֆիս Կրիզլիզի (129-123) եւ Մինեսոթայի (123-130) վրայ:

Էվըն Մոպլի 25 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Սենթըր իր կարգին տապըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 13 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, Տոնավըն Միչել 33 կէտ աւելցուց, իսկ Թայ Ճերոմ 26 կէտ ի նպաստ Քլիվլենտի, որ իր 43-րդ յաղթանակը արձանագրեց: Մեմֆիսի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճերըն Ճեքսըն (22 կէտ) եւ Ճա Մըրենթ (21 կէտ եւ 10 էսիսթ):

Թանտըր շնորհիւ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտրի սխրագործութիւններուն յաղթեց Մինեսոթայի մէջ, որուն մարզիկներէն Անթոնի Էտուըրտծը 29 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Ինտիանա Փէյսըրզ 129-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը` իր 32-րդ յաղթանակը տօնելով: Թայրիս Հալիպըրթըն 29 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Քլիփըրզէն Ճէյմս Հարտըն 31 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց:

Թայլըր Հերրօ 40 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մայեմի Հիթի, բայց ասիկա բաւարար չեղաւ, որ Հիթ յաղթէ Միլուոքի Պաքսին: Եաննիս Անթեթոքումփօ 23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Միլուոքիի հաշուոյն, որ իր 32-րդ յաղթանակը տօնեց:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս 118-105

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մեւրիքս 126-102

Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 129-111

Միլուոքի Պաքս – Մայեմի Հիթ 120-113

Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆինիքս Սանզ 127-109

Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 110-90

Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 143-148

Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 129-123

Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114-96

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 123-130

Նախորդը

ձեւախեղում ազգի ու հայրենիքի գաղափարներուն

Յաջորդը

Նէյմար Քոռնըրէն Ուղղակի Նշանակեց Կոլ Մը

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.