Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ քանի մը շաբաթ առաջ վերամիացած էր իր առաջին ակումբին` Սանթոսի, իր վերջին մրցումին կոլ մը նշանակեց Ինթերնասիոնալ Լիմէյրայի բերդին մէջ, ուղղակիօրէն քոռնըրէն:
33 տարեկան Նէյմար մնացեալ երկու կոլերուն ալ փոխանցում կատարեց (էսիսթ) յառաջապահ Տիկինիօ Սոարեշին, որ տուպլէ մը իրագործեց:
Փաուլիսթայի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի այս մրցումէն ետք, Սանթոս կը մնայ առաջին դիրքի վրայ, մէկ կէտի առաւելութիւն ունենալով Պրականթինոյի վրայ (17 կէտ):


