Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Երիտասարդ Ծայրագոյն Վարդապետներու Հաւատքի Խոստովանութիւնն Ու Ուխտի Ստորագրութիւնը

Փետրուար 25, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օր մը առաջ` շաբաթ, 22 փետրուարի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան, Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան եւ Տաճատ ծ. վրդ. Աշըգեան կատարեցին իրենց հաւատքի խոստովանութիւնն ու ուխտի ստորագրութիւնը:

Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ վեհարանէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որուն մաս կը կազմէին Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր կարգերը եւ ընծայեալներու թեմերու ժողովուրդի ներկայացուցիչները: Հայրապետական ամպհովանին կրելու պատիւը տրուած էր Քեռի Սարգիսեանին, Թագւոր Յովակիմեանին, տոքթ. Արմէն Տէրեանին եւ Կիրակոս Գույումճեանին: Վեհափառ հայրապետին կողքին, առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին` Մեսրոպ արք. Սարգիսեան եւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան:

Խարտաւիլակ հայր սուրբին` Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր առաջնորդուեցան դէպի Սուրբ Երրորդութեան խորան, ուր հայրապետը զանոնք հաւատքի քննութենէ անցուց եւ իր հայրական յորդորները տուաւ անոնց:

Աղօթքներու ու սաղմոսներու ընթերցումով, Արամ Ա. վեհափառ ճշմարիտ դաւանութեան օրինակը տուաւ ընծայեալներուն, որմէ ետք ուղիղ դաւանութեան հաստատական խօսքերով ընծայեալ ծայրագոյն վարդապետները խոստովանեցան ճշմարիտ դաւանութիւնը` համաձայն Ուղղափառ եկեղեցւոյ դաւանանքին: Ընթերցուեցան Յունաստանի ու Քուէյթի եւ շրջակայից թեմերու ազգային երեսփոխանական եւ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան կողմէ տրուած վկայագիրներն ու խնդրագիրները:

Նուիրեալները ծնրադիր ընթերցեցին իրենց ուխտագիրները եւ հրապարակաւ վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական ու դարաւոր Սուրբ աթոռին, ինչպէս նաեւ իրենց հնազանդութիւնը` վեհափառ հայրապետին եւ ծառայական հաստատակամութիւնը` Հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին:

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոններ զգեցուց անոնց եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց:

 

Նախորդը

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ծնողական Հանդիպում Եւ Կրթական Ծրագիրի Ներկայացում

Յաջորդը

ձեւախեղում ազգի ու հայրենիքի գաղափարներուն

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?