Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ծնողական Հանդիպում Եւ Կրթական Ծրագիրի Ներկայացում

Փետրուար 25, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան հրաւէրով, հինգշաբթի, 13 փետրուար 2025-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի ծնողական ժողովը:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան նշեց, որ «Արեգ»-ը` իբրեւ թատերական դպրոց, ունի յստակ դասարանային-տարիքային բաժանում ու կրթական նոր ծրագիր: Ան շեշտեց, որ կրթական աշխատանքները եւ ներկայացումները համալրումներ են, որովհետեւ աշակերտները, տեսականին կողքին, պէտք է լաւապէս ունենան բեմական փորձառութիւն: Երկանեան յայտնեց, որ թատրոնը արուեստի բազմատեսակ ճիւղերու մէկտեղումն է, ուր, խօսքի կողքին, երգը, պարն ու նուագը ներկայ են, ինչ որ կ’ենթադրէ յաւելեալ բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանք:

Ապա «Արեգ»-ի վարիչ-պատասխանատու Սիլվա Սողոմոնեան ծնողներուն ծանօթացուց «Արեգ»-ին ծրագիրը, որուն մաս կը կազմեն աշակերտներու կազմաւորման նպաստող աշխատանքներ ու վարժութիւններ` խօսքի ներկայացման ձեւերը, բեմական կեցուածքը, շնչառական վարժութիւնները, զգացողական արտայայտութեան եղանակները, քուլիսային աշխատանքները եւ լոյսի ու ձայնի դերակատարութիւնը: Սողոմոնեան ըսաւ, որ դպրոցին մէջ աշակերտները նաեւ պիտի ծանօթանան թատրոնի պատմութեան ու տեսակներուն:

Աւարտին խօսք առաւ «Արեգ»-ի բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան, որ ներկայացուց յառաջիկային կայանալիք թատերական ներկայացումին մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ դերերու ընտրութիւնները կը կատարուին համապատասխան մասնագիտական արժեւորումներով: Ան աւելցուց, որ թատրոնի կեանքին մէջ յաջողութեան համահաւասար մասնակից են բոլորը` բեմին վրայ մեծ կամ փոքր դեր ստանձնողները կամ բեմին ետին կարեւոր աշխատանքները կատարողները: Խտըշեան մաղթեց, որ ծնողները ներկայացումի փորձերուն ցուցաբերեն գործակցութիւն, որպէսզի փոքրերը առաւելագոյն պատրաստուածութեամբ յառաջիկային բեմ բարձրանան:

Ժողովը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ ծնողները արտայայտեն իրենց տեսակէտները եւ հարցումներուն վերաբերեալ ստանան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

Նախորդը

Սփիւռքահայ Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի Նուիրուած Երգահանդէս

Յաջորդը

Երեք Երիտասարդ Ծայրագոյն Վարդապետներու Հաւատքի Խոստովանութիւնն Ու Ուխտի Ստորագրութիւնը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025
Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները  Դարու Վկաներն Են»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները Դարու Վկաներն Են»

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?