Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ

February 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը Մանչեսթըր քաղաքի Էթթիհատ մարզադաշտին վրայ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, որ անոր 7 յաջորդական ախոյեանութիւն շահելու շղթան կոտրած էր շահելով 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը:

Լիվըրփուլ ախոյեանութեան դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ 8 կէտի առաւելութիւն ունենալով երկրորդ դիրքը գրաւող Արսենալի վրայ, սակայն մէկ մրցում աւելի կատարելով: Լիվըրփուլ պիտի փորձէ դրական արդիւնքով հեռանալ Մանչեսթըր քաղաքէն, որմէ ետք Լիվըրփուլ շատ դժուար մրցումներ չունի մանաւանդ օտար դաշտի վրայ: Միայն Չելսի կրնայ դժուար մրցակից ըլլալ Լոնտոնի մէջ:

Փեփ Կուարտիոլա 2016-ի ամրան ստանձնելէ ետք Սիթիի ղեկը, շատ մրցած է Լիվըրփուլի դէմ 17 անգամ «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով, 2 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով, 2 անգամ Անգլիոյ գերբաժակին, 1 անգամ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակին եւ մէկ անգամ Լիկայի բաժակի գծով, առանց մոռնալու 2018-ի ամրան բարեկամական մրցաշարք մը: Լիվըրփուլ չնչին առաւելութիւն մը ունի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն յաղթելով, մինչ «Փրեմիեր լիկ»-ի 17 մրցումներուն երկու խումբերն ալ 5-ական յաղթանակներ ունին 7 հաւասարութեան կողքին:

Երթին, Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Սիթիին, բայց այժմ ամէն ինչ փոխուած է: Սիթի «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնացած է եւ միայն կեդրոնացած «Փրեմիեր լիկ»-ին ու բաժակի մրցաշարքին վրայ` պատուաւոր դիրք մը գրաւելու միտումով:

Լիվըրփուլ ախոյեանութեան վերջին երեք մրցումներուն մէկ յաղթանակ ձեռք ձգեց` հաւասարելով Էվըրթընի եւ Ասթոն Վիլայի դէմ մրցումներուն:

Հաւասարութեան պարագային, Արսենալ Կրնայ օգտուիլ 6 կէտի նուազեցնելով տարբերութիւնը, անշուշտ եթէ Ուեսթ Համին յաղթէ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 26-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Էվըրթըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Պորնմաութ – Վուլվզ
Արսենալ – Ուեսթ Համ
Ֆուլհամ – Քրիսթըլ Փելես
Իփսուիչ – Թոթենհամ
Սաութհեմփթըն – Պրայթըն
Ասթոն Վիլա – Չելսի

ՎԱՂԸ

Նիւքեսըլ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանին, Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը:

Առաջին դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ քիչ մը հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած կը թուի ըլլալ եւ անցեալ 7 փետրուարէն ի վեր Վերտըր Պրեմընի դէմ 3-0 յաղթանակէն ետք շատ լաւ ֆութպոլ չի ցուցաբերէր, հակառակ անոր որ իր վիրաւորներու ցանկը գրեթէ փակուած է: Այժմ Պայերն ունի մէկ գլխու ցաւ, այդ ալ յառաջապահ Հերի Քէյնի գծով, որ Սելթիքի դէմ մրցումին կիսախաղին դաշտ չվերադարձաւ` ցաւ ունենալուն համար: Ատիկա կրնայ զինք դուրս ձգել վաղուան մրցումէն, մանաւանդ որ 2 օր ան փորձերու ալ չմասնակցեցաւ:

Երթի անմոռանալի մրցումին, Պայերն 3-2 արդիւնքով կը յաղթէ մինչեւ 92-րդ վայրկեան, երբ եգիպտացի Օմար Մարմուշ, որ քանի մը շաբաթ առաջ Մանչեսթըր Սիթիին միացաւ, նշանակած էր Ֆրանքֆորթի հաւասարութեան կոլը:

Երրորդ դիրքը գրաւող Ֆրանքֆորթ քիչ մը կորսնցուց իր փայլքը Մարմուշի լքելէն ետք եւ իր 4 մրցումներէն 3-ը հաւասարութեամբ աւարտեց` վերջին մրցումին յաղթելով վերջին դիրքը գրաւող Հոլշթայն Քիլի:

Վերջինս այսօր պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընը, որ երթին կրցած էր 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռանալ Լեւերքուզընի դաշտէն:

Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Վոլֆսպուրկ – Վերտըր Պրեմըն
Մայնց – Չանքթ Փաուլի
Մէօնշընկլատպախ – Աուկզպուրկ
Հոլշթայն Քիլ – Պայեր Լեւերքուզըն
Տորթմունտ – Ունիոն Պերլին

ՎԱՂԸ

Ռետ Պուլ Լափցիկ – Հայտընհայմ
Պայերն Միւնիխ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Հոֆենհայմ – Շթութկարթ

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանին, առաջին դիրքը գրաւող Պարսելոնա պիտի ըլլայ հիւրը Լաս Փալմասի, որ 17-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Երթին Լաս Փալմաս անակնկալի մատնած էր եւ  2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձած Քաթալոնիայէն:

Վաղը Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան անակնկալ խումբերէն Ժերոնան:

Ռէալ Մատրիտ երթին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Ժիրոնայի դաշտին վրայ, եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր ելոյթը` Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, օրէ օր կը փաստէ, թէ յառաջապահ գիծը շատ վտանգաւոր եռեակ ունի, մանաւանդ որ Քիլիան Էմպափէ «վարժուեցաւ» մթնոլորտին:

Ստորեւ` 25-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Ալաւես – Էսփանիոլ
Ռայօ Վայեքանօ – Վիարէալ
Վալենսիա – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Լաս Փալմաս – Պարսելոնա

ՎԱՂԸ

Աթլեթիք Պիլպաօ – Վայատոլիտ
Ռէալ Մատրիտ – Ժիրոնա
Խեթաֆէ – Պեթիս
Ռէալ Սոսիետատ – Լեղանես

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 26-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.

Փարմա – Պոլոնիա
Վենեցիա – Լացիօ Ռոմա
Թորինօ – Ա. Սէ. Միլան
Ինթեր Միլան – Ճենովա

ՎԱՂԸ

Քոմօ – Նափոլի
Վերոնա – Ֆիորենթինա
Էմփոլի – Աթալանթա
Քալիարի – Եուվենթուս

Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 23-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.

Լիլ – Մոնաքօ
Սենթ Էթիեն – Անժէ
Օքսեռ – Մարսէյ

ՎԱՂԸ

Նանթ – Լանս
Լը Հաւր – Թուլուզ
Սթրազպուրկ – Պրեսթ
Նիս – Մոնփելիէ
Լիոն – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Պիտի Մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի Դէմ. Ռէալ Մատրիտ` Աթլեթիքոյի

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Քլիվլենտ Եւ Լէյքըրզ Յաղթեցին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.