«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 45-րդ յաղթանակը արձանագրեց 55 մրցումներու ընթացքին` Պրուքլինի մէջ յաղթելով Նեթցին` 110-97 արդիւնքով:
Տոնավըն Միչել 26 կէտ նշանակեց, մինչ Ճերըթ Էլըն (16 կէտ եւ 20 ռիպաունտ), Էվըն Մոպլի (18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Տարիըս Կարլեն (18 կէտ եւ 9 էսիսթ) եղան Քեվելիրզի հերոսները:
Քամերոն Ճոնսըն 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պրուքլինի, որ 35-րդ պարտութիւնը կրեց: Լըպրոն Ճէյմս 40 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, որ 110-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Պոսթըն Սելթիքս 124-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը այս վերջինիս դաշտին վրայ, ուր Ճէյսըն Թէյթըմ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց` նշանակելով 15 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ: Փէյթըն Փրիչըրտ 28 կէտ աւելցուց Պոսթընի հաշուոյն:
Փոլ Ճորճ (17 կէտ), Թայրիս Մեքսի (16 կէտ) եւ Ժոել Էմպիիտ (15 կէտ) իրենց բարձունքին վրայ չէին, եւ Ֆիլատելֆիա կրեց իր 35-րդ պարտութիւնը:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 127-113
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 104-124
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ 113-111
Պրուքլին Նեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 97-110
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 108-114
Միլուոքի Պաքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 116-110
Տենվըր Նակեթց – Չարլոթ Հորնեթց 129-115
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆինիքս Սանզ 120-109
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 102-110