Երէկ կէսօրին տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնը:
Լիվըրփուլ, որ առաջին դիրքը գրաւած էր առաջին հանգրուանին, պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ իր դրացի-թշնամին` Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Գերմանիոյ ախոյեան Պայեր Լեւերքուզն իր դէմ պիտի ունենայ Պայերն Միւնիխը: Խումբերը այժմէն իսկ գիտեն իրենց յաջորդ մրցակիցները, որովհետեւ տեղի ունեցաւ մնացեալ քառորդ աւարտականի եւ կիսաւարտականի հանգրուանի վիճակաձգութիւնն ալ:
Ստորեւ` վիճակաձգութիւնները.
1.- Պենֆիքա – Պարսելոնա
2.- Տորթմունտ – Լիլ
3.- Պայերն Միւնիխ – Պայեր Լեւերքուզըն
4.- Ֆեյենուրտ – Ինթեր Միլան
5.- Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիվըրփուլ
6.- Ֆ. Ք. Պրիւժ – Ասթոն Վիլա
7.- Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
8.- ՓՍՎ Անտհովըն – Արսենալ
Քառորդ աւարտականին թիւ 1 մրցումին յաղթականը կը մրցի թիւ 2 մրցումին յաղթականին դէմ, թիւ 3-ը թիւ 4-ին, 5-ը 6-ին, եւ 7-ն` 8-ին:
Նոյնպէս առաջին 1-էն 4 մրցումներէն զտուող խումբերը իրար կը հանդիպին կիսաւարտականին, իսկ 5-էն 8 մրցումներուն զտուողները` միւս կիսաւարտականին:
4 մարտին կը սկսին 1/8-րդ հանգրուանի երթի մրցումները, իսկ 11 մարտին` դարձի մրցումները: 8 եւ 15 ապրիլին քառորդ աւարտականի մրցումները, իսկ կիսաւարտականը` 29 ապրիլին եւ 6 մայիսին, մինչ աւարտականը տեղի կ՛ունենայ 31 մայիսին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ:


