Հայազգի նախկին ֆութպոլիստ Միշել Տէր Զաքարեան նշանակուեցաւ Քանի մարզիչ:
Տէր Զաքարեան, որ փոքր տարիքէն փոխադրուած է Ֆրանսա, Նանթի եւ Մոնփելիէի հետ հռչակաւոր յետսապահ եղած է 1979-էն 1998, եւ Հայաստանի ազգային խումբին հետ ալ 5 ելոյթ ունեցած է 1996-էն 1997 տարիներուն:
Ան մարզած է Նանթ, Քլերմոն, Ռենս, Մոնփելիէ եւ Պրեսթ խումբերը:
Տէր Զաքարեան նշանակուեցաւ մարզիչ Քանի, որուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին:
Ֆրանսական «Ֆրանս 3 Նորմանտի» պարբերականը յայտնած է, որ Էմպափէ անցեալ ամառ ձեռք բերելէ ետք ակումբը շատ քիչ ժամանակ եկած է Նորմանտիի շրջանը: Ան Մանչեսթըր Սիթիի դէմ մրցումէն ետք անձնական օդանաւով Քանի օդակայանը վայրէջք կատարած է:
Ան Քանի մը ժամով այցելած է ակումբ` զրուցելով ակումբին ֆութպոլիստներուն եւ անձնակազմին հետ: Քան «Լիկ 2»-ի 23-րդ հանգրուանէն ետք ունի 15 կէտ եւ կը գրաւէ վերջին դիրքը: