Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ պատասխանատու աղբիւր մը յայտնած է. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտի հրաւէրով Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարները, Յորդանանի թագաւորն ու Եգիպտոսի նախագահը վաղը` ուրբաթ օր Ռիատի մէջ ոչ պաշտօնական եղբայրական հանդիպում մը կ՛ունենան»:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ «ծիրին մէջ անձնական բարեկամական հանդիպումներուն, որոնք տարիներէ ի վեր տեղի կ՛ունենան Արաբական ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի, հաշեմական Յորդանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ»` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումները տեղի կ՛ունենան նշեալ երկիրներու ղեկավարները միաւորող եղբայրական սերտ յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ այդ երկիրներուն միջեւ գործակցութեան եւ համակարգումի ամրապնդման:
«Ինչ կը վերաբերի արաբական միացեալ աշխատանքին եւ այդ առնչութեամբ որոշումներուն, ապա անոնք պիտի ըլլան Եգիպտոսի մէջ գումարուելիք յառաջիկայ արաբական արտակարգ վեհաժողովի աշխատանքներու օրակարգին վրայ», աւելցուց սէուտական լրատու գործակալութիւնը: