Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կազայի մէջ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարը տակաւին ի զօրու է»:
«Համասի ղեկավարութիւնը որեւէ խախտումի մեղսակից չէր», ըսաւ Թրամփ` խախտումին համար այպանելով «շարժումին մէջ կարգ մը ըմբոստներ»:
«Յամենայն դէպս, խնդիրին նկատմամբ պէտք եղած վարուելակերպը պիտի ցուցաբերուի: Անոնց հետ խստութիւն պիտի ցուցաբերուի, սակայն պատշաճ կերպով», աւելցուց ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ զինադադարը տոկայ` նշելով. «Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, թէ Համասի հետ ամէն բան շատ խաղաղ կերպով կ՛ընթանայ»:
«Ինչպէս գիտէք, անոնք անկարգներ էին: Անոնք կրակեցին, եւ կը կարծենք, թէ անոնց ղեկավարները թերեւս ատոր հետ կապ չունին», ըսաւ Թրամփ: