Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Ռեզա Արեֆ ըսած է, թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շրջանային խնդիրներու լուծումները կը փնտռէ միայն շրջանի երկիրներուն օգնութեամբ: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ան ընդգծած է, որ Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը դրացի երկիրներու, ներառեալ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումն է:
Արեֆ շեշտած է ուժանիւթի, փոխադրամիջոցի եւ տարանցման ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուցած. «Մենք կը կարծենք, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ տնտեսութիւնները կրնան զիրար լրացնել»: