Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆլիք Դժգոհ Է Քունտէէն

February 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթըր Ֆլիք բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Ժիւլ Քունտէ պահեստի աթոռներուն վրայ էր Ռայօ Վայեքանոյի դէմ մրցումին:

«Հանդիպումէն առաջ ինծի համար շատ կարեւոր է, որ բոլորը գիտնան, թէ իրենցմէ ի՛նչ կը պահանջուի դաշտին մէջ: Մենք սովորաբար երկու կամ երեք անգամ կը մարզուինք մրցումներէն առաջ, ուստի քիչ մը կանուխ հասնիլը խնդիր չէ: Այս կ՛ուզեմ քննարկել Քունտէի հետ: Ան աւելի ուշ եկաւ, եւ մենք խիստ կանոններ ունինք: Ես զայն պահեստի աթոռին վրայ ձգեցի` իբրեւ յարգանք իր խաղընկերներուն, ակումբին եւ մեր համակիրներուն, ըսաւ Ֆլիք:

Քանի մը օր առաջ Պարսելոնա յայտնած էր, թէ կ՛ուզէ ձեռք ձգել աջ ծայրի յետսապահ մարզիկ մը, որ փոխարինէ Քունտէն, եթէ վերջինս հակառակ պարագային վիրաւորուի կամ կախակայուի:

Այս քայլին դէմ արտայայտուեցաւ Լամին Եամալ, որ շատ հանգիստ կը զգայ, երբ նոյն գիծի վրայ ըլլայ Քունտէն, որոնք իրար լաւ կը հասկնան: Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը Քունտէն հիմնական կազմէն հեռացնելու նպատակ չունի, այլ պարզապէս նոյն մակարդակի փոխարինող կը փնտռէ, եթէ ան յոգնած կամ վիրաւոր ըլլայ:

Վերջերս նիւթեր շրջան կ՛ընէին, թէ Լիվըրփուլի կեդրոնի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տայք կրնայ միանալ Պարսելոնային, երբ այս ամառ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի «կարմիրներ»-ուն հետ:

Պարսելոնա արդէն իսկ կը մտածէր յառաջապահ մըն ալ ձեռք ձգել, որ երկար ժամանակով կրնայ փոխարինել լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին:

Պարսելոնայի ցանկին վրայ կայ Նիւքեսըլի շուէտացի յառաջապահ Ալեքսանտր Իսաք, որ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ անգլիական խումբին հետ:

Պարսելոնայի մարզիչ «Հանզի» Ֆլիք բերդապահ Ինիաքի Փենիայի հետ գրեթէ «սառեցուցած» է իր յարաբերութիւնները:

Փենիա վերջին անգամ Խեթաֆէի հետ դաշտ ներկայացած էր, այնուհետեւ 7 մրցումներ դաշտ չէ ներկայացած, մանաւանդ որ Ֆլիք կը նախընտրէ փորձառու լեհ բերդապահ Վոյչիք Չեզնին:

 

Նախորդը

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

Յաջորդը

Տոմս. «Հաքա Պատրի…»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.