«Չեմփիընզ լիկ»-ի փլէյ օֆի երթի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Ֆեյենուրտ 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութեան մատնեց Ա. Սէ. Միլանը: Իկոր Փայխաօ նշանակեց նետերլանտներուն միակ կոլը` օգտուելով ֆրանսացի բերդապահ Մայք Մենիանի սխալէն: Պրազիլցի յառաջապահը ձեւով մը փորձեց մոռցնել Խիմենեսի բացակայութիւնը, որ ձմեռնային փոխանցումներու վերջին օրը լքեց Ֆեյենուրտը` միանալով Ա. Սէ. Միլանին: Մեքսիքացի Սանթիակօ Խիմենես շատ լաւ ելոյթ չունեցաւ եւ աւելի ուշ փոխարինուեցաւ անգլիացի Թամի Ապրահամի հետ:
Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սելթիքի վրայ, այս վերջինիս դաշտին վրայ Կլասքոյի (Սկովտիա) մէջ, ուր Օլիսէ եւ Քէյն նշանակեցին գերմանական կազմին կոլերը: Պրիւժ Պելճիքայի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Աթալանթայի, մինչ Մոնաքօ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Պենֆիքայէն, Ֆրանսայի մէջ: