Երեքշաբթի գիշեր սկսան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի փլէյ օֆի երթի առաջին օրուան մրցումները, որոնց ծիրին մէջ անակնկալ կերպով Ռէալ Մատրիտ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ:
Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ռէալ յաղթեց Սիթիի դաշտին վրայ, նախապէս բնական ժամանակով հաւասարութեամբ աւարտելով, ապա փենալթիներով յաղթելէ ետք (անցեալ տարի):
19-րդ վայրկեանին Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց Սիթիի եւ մրցումին առաջին կոլը, Եոշքօ Կվարտիոլի փոխանցումէն ետք: Մօտ 5 վայրկեան ետք Վինիսիուս Ճունիորի ռմբային հարուածը զսպուեցաւ Սիթիի հորիզոնական ձողին կողմէ: 37-րդ վայրկեանին, այս անգամ Սիթիի յետսապահ Մանուէլ Աքանճիի գլխու հարուածը զսպուեցաւ Ռէալի բերդին ձողին կողմէ: Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած Հաալանտ գնդակը դպցուց… Ռէալի բերդի ձողին: Մինչ այդ, առիթներ կը ստեղծուէին երկուստեք, բայց բերդապահներ Թիպօ Քուրթուա (Ռէալ Մատրիտ) եւ Էտերսոն (Մանչեսթըր Սիթի) կը զսպէին զանոնք:
60-րդ վայրկեանին Քիլիան Էմպափէ անզսպելի հարուածով նշանակեց Ռէալի հաւասարութեան կոլը: 77-րդ վայրկեանին կոշտ ֆաուլէ մը ետք Սիթի փենալթի մը ստացաւ, երբ Սեպայոս կոշտ թաքըլ մը կատարեց եւ Էրլինկ Հաալանտ փենալթիով նշանակեց Սիթիի 2-րդ կոլը, հակառակ որ Ռէալ կը ճնշէր կոլ նշանակելու:
86-րդ վայրկեանին Պրահիմ Տիազ, որ փոխարինած էր Ռոտրիկոն 2 վայրկեան առաջ, նշանակեց Ռէալի հաւասարութեան կոլը: 92-րդ վայրկեանին Վինիսիուս գնդակը ղրկեց Էտերսոնի կողմէն, եւ Պիրմիկհամ նշանակեց Ռէալի յաղթանակի կոլը:
Պէտք է ըսել, որ Ռէալ եւրոպական բաժակներու 300-րդ յաղթանակը արձանագրեց (մրցանիշ): Բ. դիրքը կը գրաւէ Պայերն Միւնիխ (241 յաղթանակ), ապա` Պարսելոնա (209 յաղթանակ):
Քիլիան Էմպափէի համար Ռէալ Մատրիտ դարձաւ իր երրորդ ակումբը, որուն տարազով ան կը նշանակէր Սիթիի բերդին մէջ: Ան նախապէս Մոնաքոյի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի տարազով կոլեր նշանակած էր Սիթիի բերդին մէջ:
Մատրիտի մարզիչ Անչելոթթի յայտնեց, որ հանգիստ եւ գոհ է արդիւնքէն, եւ իր խումբը արժանի էր յաղթանակի: Մինչ այդ, Կուարտիոլա անակնկալի եկած էր Ռէալի «վերադարձով»: «Նախապէս բազմիցս այսպիսի բաներ եղած են: Այս կը նշանակէ, թէ լուծում չեմ գտներ… Այդ է միակ պատճառը: Ռէալ այս տարի աւելի լաւ է: Վերջին վայրկեաններուն լաւ արդիւնք ունէինք, բայց սխալներ գործեցինք եւ ետ մնացինք», ըսաւ Կուարտիոլա:
Ստորեւ` առաջին օրուան արդիւնքները.
Պրեսթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-3
Եուվենթուս – ՓՍՎ Այնտհովըն 2-1
Մանչեսթըր Սիթի – Ռէալ Մատրիտ 2-3
Սփորթինկ Լիզպոն – Տորթմունտ 0-3