Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրի այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբին մասին խօսեցաւ վերջերս տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Պարսելոնան ախոյեանի ոգի ունի… Անոնք գիտեն, թէ ե՛րբ պէտք է ճնշեն, ե՛րբ յարձակին եւ ե՛րբ պաշտպանեն եւ պարզապէս յաղթեն: Այժմու Պարսելոնան այն Պարսելոնան է, որմէ կը վախնան բոլորը», ըսաւ Հանրի, որ Պարսելոնայի յառաջապահ ալ եղած է 2007-էն 2010, ուր կատարած է 80 մրցում` նշանակելով 35 կոլ: