Այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի մրցի Աթլաս Ֆերզոլին դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան 4-րդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական կը յառաջդիմեն մրցումէ մրցում, եւ այսօր կը սպասուի դրական արդիւնք տարեշրջանի առաջին մրցումին, որ տեղի կ՛ունենայ սեփական դաշտին վրայ:
Այսօրուան մրցակիցը` Աթլաս Ֆերզոլ Բ. դասակարգէն նոր բարձրացաւ, բայց իր կարգին բաւական լաւ ելոյթներ կը ցուցաբերէ եւ իր վերջին մրցումին ալ կրցած էր յաղթել Էն. Էս. Էյ.-ին:
ՀՄԸՄ համակիրներու ներկայութեան այսօր պիտի փորձէ իր առաջին յաղթանակը ձեռք ձգել խումբի մը դէմ, որ Ճեվիըն Պլէյքի, Պրայըն Հալըմզի եւ Ուիլի Ռիտի նման օտար մարզիկներ ունի: ՀՄԸՄ-ի ուժը խմբային խաղն է, ուր երիտասարդ մարզիկներով եւ փորձառու տարրերով կրնանք կերտել տարեշրջանի առաջին յաղթանակը:


