Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ յայտնեց. «Եթէ հարկ ըլլայ քուէարկել այն հարցին, թէ Ուքրանիան կրնա՞յ Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալ, յստակ է, որ պատասխանը ոչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ուքրանիան այսօր որեւէ ձեւով չի բաւարարեր Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար անհրաժեշտ պայմանները»:
Սիարթօ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ այդ դիրքորոշման պատճառներուն երկար ցանկ մը պիտի չթուէ, սակայն պիտի բաւարարուի մատնանշելով Թրանսքարփաթիա շրջանին մէջ հունգարական փոքրամասնութեան իրաւունքներուն առնչուած կացութիւնը:
Եւրոպական յանձնաժողովը 8 նոյեմբեր 2023-ին յանձնարարած էր Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւններուն շուրջ բանակցութիւնները սկսիլ, եւ իբրեւ պայման ճշդած էր Քիեւի եւ Քիշնեւի շարք մը պայմաններ բաւարարելը:


