Անցեալ տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն յառաջդիմած խաղցողը` Թայրիս Մեքսի 43 կէտ նշանակեց` օգնելով Ֆիլատելֆիոյ, որ պարտութեան մատնէ Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 118-104 արդիւնքով:
Առանց վիրաւոր Ժոել Էմպիիտի եւ Փոլ Ճորճի, Ֆիլատելֆիա «վարժուեցաւ» խաղալու առանց աստղերու եւ արձանագրեց իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը, մասամբ մըն ալ օգտուելով Անթոնի Տէյվիսի վիրաւորուելէն: Տէյվիս առաջին մասին 10 վայրկեան խաղցաւ, բայց ստամոքսի մկանի պրկում ունենալով լքեց մրցումը: Ան Լէյքըրզի հետ իր կատարած 41 մրցումներուն 26 կէտ կը նշանակէր` միջին հաշուով 12 ռիպաունտ ձեռք ձգելով:
Ֆիլատելֆիա կը փորձէ կարելի եղածին չափ յաղթանակներ արձանագրել` հասնելու համար փլէյ-օֆի: Բ. մասին Ֆիլատելֆիա 48 կէտ նշանակեց, եւ կիսախաղէն ետք առաւելութիւնը 25 կէտի հասաւ:
Պրոննի Ճէյմս դաշտ ներկայացաւ, բայց կէտ չնշանակեց, մինչ հայրը` Լըպրոն 31 կէտ նշանակեց եւ էսիսթներու հաշիւը զինք բարձրացուց «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 6-րդ դիրքին:
Հիուսթըն Ռոքեթց կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Աթլանթա Հոքսի դէմ` Ճորճիայի մէջ: Աթլանթա իր դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել եւ կրեց յաջորդական 6-րդ պարտութիւնը, բաւական լաւ ելոյթներ ունենալէ ետք:
Մինչ Հիուսթըն 4-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, բոլորն ալ` դԺուար մրցակիցներու դէմ (2 մրցում` Քլիվլենտի եւ Պոսթըն Սելթիքսի դէմ):
Ճէյլըն Կրին 25 կէտ նշանակեց, մինչ Ալփերեն Շենկիւն 18 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Հիուսթընի, որուն մարզիկներէն Տիլըն Պրուքս եւ Էյմըն Թոմփսըն 11-ական կէտեր աւելցուցին:
Թրէյ Եանկ եղաւ Աթլանթայի լաւագոյն մարզիկը` նշանակելով 21 կէտ եւ 9 էսիսթ: Մրցումին սկիզբը լաւ սկսելէ ետք, Միլուոքի Պաքս 112-125 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Տենի Աւտիճա 30 կէտ նշանակեց` գերազանցելով իր նախկին խմբակից Տեմիըն Լիլըրտը, որ 11 տարի ետք լքած էր Փորթլենտը` միանալով Պաքսի անցեալ տարեշրջանին:
Յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփօ 39 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պաքսի, որ իր վերջին 11 մրցումներուն 9-ն յաղթած էր, բայց յաջորդական 3-րդ օրը ըլլալով մրցում կը կատարէր: Լիլըրտ 20 կէտով աւարտեց մրցումը:
Ֆէնֆըրնի Սիմընզ 25 կէտ աւելցուց Փորթլենտի հաշուոյն, որ իր 5-րդ յաղթանակը տարաւ վերջին 6 մրցումներուն:
Տենիս Շրոտըր 23 կէտ նշանակեց 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներու կողքին, մինչ Պրենտըն Փտծիմսքի 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթի, որ կը խաղար առանց Սթեֆըն Քըրրիի: Կոլտըն Սթէյթ 114-103 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի, Սան Ֆրանսիսքոյի «Չէյս Սենթըր»-ին մէջ:
18 հազար համակիրները տօնեցին Կոլտըն Սթէյթի յաղթանակը մինչ Քըրրի ծունկերը կը հանգստացնէր եւ կը հետեւէր դուրսէն:
Քոլին Սեքսթըն 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Եութայի, որ 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց եւ 10-րդը վերջին 11 մրցումներու ընթացքին:
Էնտրու Ուիկինզ 19 կէտ աւելցուց ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթի, որ օգտուեցաւ Եութայի 6 թըրնօվըրներէն առաջին մասին` նշանակելով 12 կէտ:
Փոտծիմսքի ձեռք ձգեց նաեւ 7 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ` օգնելով Ուորիըրզին կարտի պաշտօնին վրայ առանց Քըրրիի: Քեւըն Լունի 11 ռիպաունտ աւելցուց:


