«Էր. Էմ. Սէ. Սփորթ»-ի թղթակից Տանիէլ Ռիոլօ վերջերս յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիորի ապագան Ռէալի հետ մութ է:
«Վստահ եմ, որ Վինիսիուս իր վերջին տարին կը բոլորէ Ռէալի հետ: Ֆիորենթինօ Փերեսն ու ամբողջ Ռէալը արդէն յոգնած են անոր բնաւորութենէն: Ան կրնայ ախոյեան դառնալ, բայց կը կարծեմ, որ Ռէալի մէջ վերակառուցում տեղի պիտի ունենայ, եւ Վինիսիուս եւ իր հարցերը միշտ կը յոգնեցնեն: Անոր վերաբերմունքը ամբողջ Սպանիան կը վրդովեցնէ: Ես գիտեմ, որ Փերես այլեւս չի դիմանար, ասիկա զինք ջղային կը ձգէ: Ան չ՛ուզեր, որ Ռէալի մարզիկները այդպիսի վիճակի մէջ ըլլան, եւ կը նախընտրէ աւելի զուսպ մարզիկներ, որոնք մթնոլորտը հանդարտ կը պահեն», ըսաւ Ռիոլօ` «Տեֆենսա Սենթրա»-ի հետ զրոյցի մը պահուն:
Սէուտական կազմեր պատրաստ են Վինիսիուսի համար 200 միլիոն եւրօ ծախսելու:
24 տարեկան պրազիլցի ֆութպոլիստը Ռէալի հետ այս տարեշրջանին 27 մրցում կատարած է` նշանակելով 17 կոլ, ձեռք ձգելով 11 էսիսթ:


