Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Օրացոյցը

Յունուար 24, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՄ-ի աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս լոյս տեսաւ միութեան օրացոյցը եւ մուտք գործեց լիբանանահայ ընտանիքներու տուները:

Օրացոյց պատրաստելու եւ տարեկան դրութեամբ զայն լիբանանահայութեան ներկայացնելու այս աւանդութեան մասին տրուած կարծիքներ ու տեսակէտներ կը ներկայացնենք այս էջով:

Հսկայական Հարուստ Պատմութիւն Կայ
ԼԵՄ–ի Օրացոյցներուն Մէջ

Ուրախ եմ, որ այս տարի եւս յիսուն տարուան աւանդութիւնը կը կրկնուի, եւ մեր սիրելի երիտասարդական միութիւնը այս տարի եւս իր օրացոյցը կը հրատարակէ հակառակ այն իրողութեան, որ արդիականացման իբրեւ հետեւանք` այսօր պատէն կախուող օրացոյցներ գրեթէ մարդոց համար ընդունելի չէ:

Վերադառնանք ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան օրերուն, երբ շատ արագ արդէն Դաշնակցութեան օրացոյցը ԼԵՄ-ի կողմէ կը պատրաստուէր եւ կը սփռուէր բնակարաններուն ու հաստատութիւններուն մէջ: Մեզի համար կարեւոր է վերյիշել, որ եթէ մենք կարենանք վերադառնալ այս օրացոյցներու հաւաքածոյին, պիտի տեսնենք, թէ հսկայական պատմութիւն տեղադրուած է հոն. արդարեւ, Դաշնակցութեան, Հայ դատի,  մեր ժողովուրդի եւ բնականաբար լիբանանահայութեան պատմութիւնը այդ օրացոյցներուն հիմնական թեմաները կազմած էր: Դաշնակցութեան օրացոյցը յիսուն տարի շարունակ ոչ միայն մուտք գործած է իւրաքանչիւր հայու տուն, այլեւ` իւրաքանչիւր ընտանիքի հայրերու, մայրերու, մեծ հայրերու, մեծ մայրերու եւ զաւակներու սրտերը: Կարեւոր է անդրադառնալ  այս իրականութեան, եւ մեծ հպարտութեամբ կ՛ըսեմ, որ բոլոր երիտասարդները անցնող տասնամեակներուն, հակառակ  դժուարութիւններուն, յաջողած են տուն-տուն, հաստատութիւն-հաստատութիւն այցելեն եւ հայութիւն շնչող, հայութիւն արտադրող  այս օրացոյցները ցրուել ամէնուր: Ասոր կողքին, տակաւին կայ միւս իրողութիւնը, որ սփիւռքեան մեր գաղութներէ հարիւրաւոր անձեր կը կապուէին ու կը խնդրէին օրացոյց ունենալ, հոսկէ ալ ԼԵՄ-ի օրացոյցը կը ղրկուէր սփիւռք, որպէսզի իրենց կապը պահպանուի Դաշնակցութեան եւ հայութեան  հետ:

Օրացոյցը այն միջոցն է, որ ժողովուրդը, կուսակցութիւնը կը կապէ հայ ընտանիքներուն: Ես բարձրօրէն պիտի գնահատեմ մեր երիտասարդները, որոնք հակառակ այսօրուան կեանքի դժուար պայմաններուն` կը շարունակեն խանդավառութեամբ, բացառիկ կորովով, հաւատքով գործել ու հայաբոյր օրացոյցը կը հասցնեն մեր ժողովուրդին: Օրերը շատ դժուար են, սակայն մեր երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ իր դիմաց խոչընդոտներ չկան, դժուարութիւնները կրնայ յաղթահարել եւ մնայուն ներկայութիւն ըլլալ ժողովուրդին կողքին: Մեր երիտասարդներուն այս աշխատանքը պէտք է քաջալերենք, աւելիով զարգացնենք, որպէսզի կարենանք ընդհանրապէս սփիւռքի, Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի մէջ  կարենանք ամուր մնալ Հայաստանի եւ դժբախտաբար մեր կորսուած Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի վերականգման համար:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

ԼԵՄ–ի Պատրաստած Օրացոյցները
Կը Կազմաւորեն Մեր Ինքնութիւնն
Ու Մեր Դիմագիծը

Օրացոյցներու մշակոյթը նոր չէ, անոնց հրատարակութեան սովորութիւնը ունի տասնամեակներու պատմութիւն` մէկ տարբերութեամբ, որ վերջին յիսուն տարիներուն օրացոյցները կը հրատարակէ եւ կը ցրուէ ԼԵՄ-ը: Ահա 50 տարի է` պատերազմի թէ խաղաղութեան տարիներու, կանոնաւոր հերթականութեամբ ամէն տարի լոյսին կու գայ այս օրացոյցը:

Երբ օրացոյց կ՛ըսենք, պէտք է հասկնանք մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան: Անցեալ ըսելով` մենք այս օրացոյցներուն մէջ պիտի գտնենք յիշարժան թուականներ, դէմքեր, դրուագներ, մեր անցեալն է, որ ներկայացուած է այնտեղ սեղմ տողերով:

Երբ ներկայ կ՛ըսենք, պիտի տեսնենք մեր օրը, տարին կանոնաւորող մեր տօները, մեր յիշարժան թուականները, որոնք մեր կեանքին պիտի տան յատուկ կշռոյթ եւ ձեւ:

Երբ կ՛ըսենք ապագան, կը նշանակէ այս օրացոյցները տեսնել-կարդալով մենք պիտի ներշնչուինք եւ մեր գալիքը պիտի ծրագրենք:  Մեր անցեալին նայելով մեր ներկան նաեւ տեսնելով օրացոյցներու մէջ` մենք կը կազմաւորենք մեր ապագան, մեր դիմագիծը:

Այս օրացոյցներուն մէջ կը գտնէք  տեղեկութիւններ, օրինակ` ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերու պատմութեան մասին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նահատակուած 30 ԼԵՄ-ականներուն մասին:

Հետեւաբար, այս բոլորը տեսնելով, բայց մանաւանդ` կարդալով այդ տղոց պատգամները, մեր մեծերու, մեր նահատակներու, ֆետայիներու խօսքերը, մենք մեր տեսակն է, որ պիտի յստակացնենք եւ ըստ այնմ պիտի որոշենք, թէ ուրկէ՛ կու գանք մենք եւ դէպի ո՛ւր կ՛երթանք:

Օրացոյցները կենսական անհրաժեշտութիւն են ազգային դաստիարակութեան մէջ եւ պահանջատիրական երթին յստակացման համար, պէտք է ամէն մարդ օրացոյց մը ունենայ, թէկուզ այսօր արհեստագիտական նորութիւնները մեզի կարելիութիւններ կ՛ընձեռեն մեր հեռաձայններու մէջ օրացոյց ունենալու, բայց այնտեղ միայն չոր թիւ-թուական նշուած է, այն դէմքերն ու պատգամները, որոնք կան ԼԵՄ-ի օրացոյցին մէջ, այլ տեղ չենք գտներ: Հետեւաբար ԼԵՄ-ի պատրաստած օրացոյցները մեզի համար անհրաժեշտութիւն են, որպէսզի կազմաւորեն մեր ինքնութիւնը, մեր դիմագիծը եւ ուղղեն մեզ դէպի պահանջատիրական յաւելեալ եւ նորանոր քայլեր:

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

Շարունակուող Աւանդութիւն

ԼԵՄ-ի օրացոյցի հրատարակութիւնը եւ մանաւանդ ցրւումը տասնամեակներու վրայ երկարող աւանդութիւն է, որ ունի քանի մը կարեւոր նշանակութիւն: Հիմնականը առիթն է իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ի մասնաճիւղի իր շրջանի հայ ընտանիքներուն այցելելու: Նաեւ հետաքրքրական է նկատել իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի կապն ու ընկալումը ԼԵՄ-ականներուն: Մեր օրերէն կը յիշեմ այդ ջերմ վերաբերումը, զոր հայ ընտանիքները կը ցուցաբերէին ԼԵՄ-ի տղոց նկատմամբ: Այդ մէկը հետաքրքրական գնահատանք մըն էր ԼԵՄ-ի գործունէութեան: Հարազատութեան այդ զգացումը կար հայ ընտանիքին եւ տուեալ մասնաճիւղի անդամներուն միջեւ: Քաղաքացիական պատերազմին բերումով հայ համայնքին ժողովրդագրական պատկերը փոխուեցաւ. շրջաններ կը նօսրանային, իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ թիւը կ՛աւելնար: Ատոր ցուցանիշը տարին անգամ մը այդ օրացոյցի ցրւումի աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերն էր: Այս բոլորը նկատի կ՛առնուէին համապատասխան մարմիններուն կողմէ տուեալ շրջանի հայութեան կապի առումով յստակ տուեալներ ունենալու համար:

Բովանդակային առումով, շատ կարեւոր էին այն արժէքները, որոնք այդ օրացոյցին միջոցով կը փոխանցուէին գաղութին: Հայկական կուսակցական առումով յատկանշուող դասական ամիսներ կային: Բայց նաեւ այդ տարիներուն համահայկական օրակարգի առումով Հայ դատի ու զանազան բնոյթի մատուցուած աշխատանքներ կային եւ, բնականաբար, այդ ամիսներու խորհրդանիշները եւս փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուէին:

Այս բոլորին մէջ բնականաբար այժմէական նշանակութիւն մը կայ: Օրինակ, ապրիլ ամիսը դասական հասկացողութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ու  պահանջատիրութեան խորհրդանիշն է` շրջելու համար այսօրուան ընկալումով քաղաքական ու գաղափարական յայտարարութիւնները, որոնք կը հնչեն` հակադրելու պատմական, միացեալ Հայաստանը:

Նոյնը մայիս կամ սեպտեմբեր ամիսներուն պարագային է: Անոնք կը փոխանցեն մեր Անկախութեան հռչակագիրի հիմնական դրոյթները, Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի խորհրդանիշը եւ նման արժէքներ ու սկզբունքներ, որոնց ուղղութեամբ այսօր փորձ կրնայ կատարուիլ` իրենց իմաստէն զրկելու կամ քաղաքական նպատակներու տարբեր առաջադրանքներու ծառայացնելու համար:

Ուրեմն օրացոյցը, բացի պիւտճէական խնդիրներ լուծելէ, հայ ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու, ձեւով մը նաեւ վիճակագրական տուեալներ ունենալու առումով բովանդակային եւ գաղափարական շատ մեծ իմաստ ու նշանակութիւն ունի: Այս իմաստով ալ, կը կարծեմ, թէ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ պահել իր առաքելութիւնը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

ԼԵՄ-ի Օրացոյցին
Երեք Տարբեր Երեսները

ԼԵՄ-ի օրացոյցը կը ներկայանայ երեք տարբեր երեսներով: Առաջին` օրացոյցին բնոյթը եւ ԼԵՄ-ականին առաքելութիւնն ու աշխատանքները, երկրորդ` տպաքանակն ու ցրւումը, եւ երրորդ` այդ ժամանակահատուածին տիրող մթնոլորտին ու մեր իրականութեան արտացոլացումը:

1973-ին, երբ  ԼԵՄ-ը հիմնուեցաւ, ԼԵՄ-ի առաքելութեան աշխատանքներուն մաս կազմեց օրացոյցի պատրաստութիւնն ու ցրւումը` իբրեւ քարոզչութեան աշխատանք, որ առիթ կը ստեղծէր նաեւ ԼԵՄ-ին` ծանօթանալու իր շրջանին բնակչութեան:

Օրացոյցին մէջ կը տեսնենք  ամսուան խորհուրդը,  դաշնակցական հերոսներու եւ Դաշնակցութեան պատմութենէն առնուած դրուագներ, հոն կը հանդիպինք Լիզպոնի հերոսներու լուսանկարներուն եւ աւելի ուշ` Արցախի ազատամարտին կապուած  լուսանկարներու:

Երրորդ բաժինը ցրւումի փուլն է: Հոս պէտք է հաստատենք այն իրականութիւնը, որ 1970-էն մինչեւ 1990-ական թուականներ Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ հայեր էին, ուստի օրացոյցի ցրւումը աւելի դիւրին կ՛ըլլար այս շրջանի մասնաճիւղերուն համար,  մինչ ուրիշ մասնաճիւղերու սահմանները աւելի ընդարձակ էին, կ՛ընդգրկէին զանազան շրջաններ, հետեւաբար հոն ցրւումը աւելի դժուար էր:  Եթէ պիտի խօսինք  տպաքանակի մասին, սկզբնական շրջանին 500-600 թիւի սահմաններով սկսած էր ու հասած էր փուլ մը, երբ մինչեւ 1300 օրացոյցի տպաքանակ տեղի կ՛ունենար:

ՍԵԶԱՐ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ

Պատգամ Փոխանցող
Օրացոյց

ԼԵՄ-ի աշխատանքներէն մէկն ալ իր քարոզչութիւնը եղած է: Տասնամեակներ շարունակ ԼԵՄ-ը դիմած է օրացոյց  պատրաստելու եւ այդ օրացոյցով իր քարոզչութիւնը ընելու լաւագոյն աշխատանքին:

ԼԵՄ-ի օրացոյցը եզակի է այն առումով, որ ոչ միայն  իր քարոզչութիւնը պիտի ընէ, այլ նաեւ ան իւրաքանչիւր հայ տան մէջ ներկայացնէ` իր պատկերացումները, ԼԵՄ-ի դիմագիծը, ԼԵՄ-ի ապրումներն ու  զգացումները: Օրացոյցին  մէջ կը տեսնենք  Արարատը, մեր ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրաներու նկարները, անոնց կենսագրութիւնը` հասնելով մինչեւ մեր ներկայ օրերը: Լիզպոնի տղաքը միշտ ներկայ են օրացոյցներուն մէջ` որպէս յուշարարներ: Անոնք են, որ ներշնչումը տուին ու մղեցին մեզ շարունակելու մեր առաքելութիւնը տարբեր փուլերու:

ԼԵՄ-ի աշխատանքներէն ամէնէն տպաւորիչը կրնայ նկատուիլ ասիկա, երբ ԼԵՄ-ականներ տարեվերջին խումբերով շրջան առ շրջան կ՛ուղղուին մեր տուները` բաժնելու օրացոյցները: ԼԵՄ-ի օրացոյցը սոսկ թուղթի կտորներ չեն, ընդհակառակը, ան կը պարունակէ հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ` գաղափարական պատասխանատու ընկերներուն խօսքերը , որոնք  որպէս յուշարարներ` նոր սերունդին կը փոխանցեն լաւագոյնին ձգտելու եւ մեր գաղափարական աշխարհը աշտարակելու ջահը:

Երբ իմանանք ԼԵՄ-ի օրացոյցի հրատարակութեան մասին, իւրաքանչիւր դաշնակցական, ինչպէս նաեւ համակիր իմ մտապատկերին մէջ կը գիտակցի, որ ԼԵՄ-ը փոխանցելիք խօսք մը ունի ամբողջ տարուան ընթացքին տարած իր աշխատանքին մասին:

Տօնակատարութիւններն ալ, իրենց կարգին, տեղ ունին օրացոյցին մէջ, ԼԵՄ-ի աշխատանքն է, որ կ՛արտացոլայ անոր ընդմէջէն: Համացանցի այս դարուն մէջ օրացոյցը, իր կարգին, որպէս արհեստագիտութեան մաս կազմող շարունակական երեւոյթ, պիտի կարենայ լաւապէս մատուցուիլ լիբանանահայուն: Հիմա հիմնականը պիտի մնայ հետեւեալը, որ մենք` իբրեւ միութենական նոր սերունդ, կարենանք մեր խօսքը մեր քարոզչամիջոցը, նաեւ մեր գործը ներդաշնակել` առաւելագոյն չափով հասնելու մեր գաղութի տղոց, մեր համայնքին:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Դաշնակցութեան Խօսքը
Երիտասարդութեան Ճամբով
Հայութեան Հասցնելու Միջոց

ԼԵՄ-ի գործունէութեան առանցքային բնագաւառներէն մէկը օրացոյցի պատրաստութեան եւ ցրւումի աշխատանքն է: Ուրախալի է, որ ԼԵՄ-ը այս տարի թեւակոխեց իր յիսնամեակը:

Երիտասարդական միութեան օրացոյցը սովորական գործունէութիւն մը չէ, այլ դուռ կը բանայ քանի մը դիտարկումներու:

Առաջին` օրացոյցի այս պատրաստութիւնն ու ցրւումը հաւաքական աշխատանքի մը կազմակերպման լաւագոյն օրինակներէն մէկը կը հանդիսանայ միութենական առումով:

Երկրորդ` պատրաստող խումբերը այս աշխատանքին մասնակից դառնալով` բնականաբար աւելի մօտէն կ՛առնչուին մեր պատմութեան, մեր արժէքներուն:

Երրորդ` կարեւորագոյն հանգամանքներէն մէկը ցրւումի կազմակերպման աշխատանքն է, եւ երբ ԼԵՄ-ականները խումբ առ խումբ կը հաւաքուին, կ՛այցելեն հայկական օճախներ եւ օրացոյցը կը ներկայացնեն, այս մէկն ալ սովորական ցրւումի աշխատանք մը չէ, այլ` Դաշնակցութեան խօսքը երիտասարդութեան ճամբով մեր ընտանեկան յարկերուն  հասանելի դարձնելու միջոց:

Չորրորդ` ԼԵՄ-ի օրացոյցները իր ժամանակին մէջ սահմանուող հրատարակութիւններ չեն եղած ու պիտի չըլլան: Արդարեւ, երբ կարիքը զգացած ենք որեւէ դէպքի, դէմքի, անդրադարձ մը ունենալու, անպայման ԼԵՄ-ի պատրաստած օրացոյցները կարեւոր աղբիւր են, եւ անոնց ներկայացման ձեւը իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ զանազան քարոզչական եւ կազմակերպչական աշխատանքներու:

Վստահ եմ, որ մեծ թիւով ԼԵՄ-ականներ շատ յուշեր ունին` օրացոյցի պատրաստութեան եւ ցրւումին կապուած, եւ մաղթանքս է, որ այս օրացոյցի աշխատանքը, հակառակ արհեստագիտական այս դարու պարտադրած տարբեր իրականութեան, պահէ իր այժմէականութիւնը, ցրւումի աշխատանքը նոյն թափով իրականանայ, եւ ԼԵՄ-ականներ ամէն տարի Նոր տարուան սեմին պէտք է այցելէն մեր տուները եւ ժողովուրդին հետ հաղորդակից դառնան, որպէսզի երիտասարդութեան ճամբով մեր ժողովուրդը իր ապագայի նկատմամբ ունենայ լաւատեսութիւն եւ վստահութիւն:

 ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

ԼԵՄ-ի Օրացոյցը Ունի
Իր Իւրայատկութիւնը

ԼԵՄ-ի օրացոյցին անդրադառնալով` նախ պէտք է նշել, որ անիկա 50 տարի է անընդմէջ լոյս կը տեսնէը: Անիկա կը տարբերի իր ամբողջ էութեամբ, եւ այս մէկը օգտաշատ է բոլորիս համար: Օրացոյցին բովանդակութիւնը կ՛ընդգրկէ մեր 130 տարիներու պատմութիւնը,  հոն կը տեսնենք մեր արդարութեան մարտիկներուն կողմէ կատարուած  բոլոր սխրագործութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր արշաւանքներն ու գործողութիւնները` թիւերով ու տուեալներով:

Վերջին շրջանին  այս օրացոյցին մէջ ներառուեցաւ մեր Արցախի պայքարը: Հոն տեսանք Արցախի ազատագրումի օրուան պատահածները, պայքարի ընթացքն ու շրջաններու ազատագրումը:

Տակաւին, յատկանշական երեւոյթ է ցրւումը, երբ ԼԵՄ-ականները կազմակերպուած ձեւով ջանք կը թափեն օրացոյցը հասցնելու բոլոր հայ տուները, որպէսզի ժողովուրդը հաղորդուի հոն տեղ գտած պատգամներով: ԼԵՄ-ի օրացոյցը  պարզապէս օրացոյց մը չէ, ան կը պարունակէ յիսուն տարուան պայքարը եւ գաղափարը. այս է իր կարեւորութիւնը:

Առ այդ, ԼԵՄ-ականները պէտք է օրացոյցի ցրւումին մեծ կարեւորութիւն տան, բծախնդիր ըլլան այս  աշխատանքին մէջ: Կը յիշեմ` մենք մեր տարիներուն մէկ առ մէկ կը դառնայինք բոլոր խանութներն ու տուները եւ մասունքի պէս կ՛ուզէինք, որ այս օրացոյցը հայ տուներէն ներս գտնուի: Յաջողութի՛ւն ԼԵՄ-ականներուն:

ՐԱՖՖԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Փրկել Վտանգուած Լեզուներ

Յաջորդը

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

RelatedPosts

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յուլիս 1, 2025
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր

Յուլիս 1, 2025
Երազային Անկախութիւն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Երազային Անկախութիւն

Յուլիս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?