Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 134-ամեակին ընդառաջ, անցեալին հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած եւ կուսակցութեան գործունէութեան, աւանդներուն ու անձնուրացներուն նուիրուած գրութիւններուն մէջէն յիշատակելի է «Անձնուրացները» յօդուածը` Ե. Փ. ստորագրութեամբ: Աւելի քան կիսադար մը առաջ գրուած յօդուածը լաւագոյնս կը մարմնաւորէ դաշնակցական մարդու կերպարը:
***
Եթէ պէտք ըլլար առանձին բառով մը բնորոշել բոլոր անոնք, որոնք համախմբուեցան ու ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ գործեցին, անձնուրացներ անունը պիտի տայինք անոնց:
Անձնուրացներ էին, այո՛, բոլորը: Հիմնադիրներէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն համեստ մարտիկը, իմացական հարուստ պաշարի տէր մտաւորականներէն ու գիտնականներէն մինչեւ պարզունակ շինականն ու մշակը, երիտասարդ ուսանողն ու զոհաբերուող հայ կինը, որոնք, ազգ ու հայրենիք ստեղծելու համար, անդուլ ճգնեցան եւ ճակատաբաց մահուան դիմեցին:
Բառը, եթէ գոյութիւն ունէր նախապէս, իր ամբողջական բացարձա՛կ իմաստին հասաւ դաշնակցականի տիպարին երեւումէն ետք միայն, երբ անձնական շահ ու հանգիստ, սեփական գործ ու նպատակ, անհատական նախասիրութիւն ու փառասիրութիւն անգամ մէկ կողմ դրած` տարբեր դասու եւ պայմաններու մարդիկ մէկտեղուեցան, աշխարհին ու մարդկութեան ներկայացնելու համար հայու մէկ նոր տիպարը:
Նոր` որ սակայն հին էր միաժամանակ:
Աղաւաղուած դիմագիծը անցնող դարերու հայութեան, որ հարիւրամեակներու ստրկութեան շղթաներով բանտուած էր, դուրս պէտք է գար դէպի ազատութիւն, պէտք է քանդէր գերեվարութեան ե՛ւ ֆիզիքական ե՛ւ հոգեկան կապանքները, որպէսզի վերստին մարմին ու կերպարանք ստանային արմենական ցեղի առհաւական առաքինութիւնները:
Այսօր հայ մարդը ո՛ւր ալ գտնուի, քաղաքական եւ ընկերային ի՛նչ պայմաններու տակ ալ ապրի, կամ ինչպիսի համոզումներու տէր ըլլայ, չի կրնար երբեք տեսնել ինքզինք նուաստ ու ճկուն այն պատկերով, որ վերջին դարերու հայութեանն էր եղած:
Ի՞նչպէս եղաւ, ուրեմն, որ համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կերպարանափոխուեցաւ,- մոռցաւ հինը` վերագտնելու համար հնագոյնը. դադրեցաւ նուաստանալէ` դառնալու համար աննուաճ, նկուն կռնակը շտկեց` աննկուն կամքի տիրանալու համար:
Այդ բոլորը հայը կը պարտի դաշնակցական բիւրաւոր այն անձնուրացներուն, որոնք Հայկեան ըմբոստացումով ծառացան սուլթաններու, ցարերու եւ ամէն կարգի բռնակալներու դէմ, որոնք` ֆետայի դարձած` տիրութիւն ըրին անտէր ռամիկին ու շինականին, ահաբեկիչ դարձած` պատուհասեցին չարագործն ու ջարդարարը, ազգ դարձած` կոթողեցին Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը, բանակ դարձած` կերտեցին սեփական անկախ պետութիւն, նահատակ դարձած` իբրեւ ոգեղէն իրականութիւն առ յաւէտ կ՛ապրին ամէն հայու մէջ:
Անձնուրացներու գերագոյն նուիրումն ու զոհաբերութիւնը ներկայ ու ապագայ սերունդներուն համար կենդանի եւ վարակիչ օրինակ պիտի մնայ` վասն հայութեան դարաւոր երազներու իրականացման:


