Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անմահ նուիրեալներէն է Կարօ Սասունի (1889-1977): Հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, իրաւաբան եւ պատմաբան, ան տասնամեակներ շարունակ ամէնօրեայ ապրումով եւ անխախտ հաւատքով ծառայեց ազգին ու հայրենիքին: Կազմակերպական, գրական ու կրթական ճակատներու վրայ իր բեղուն գործունէութեամբ Սասունի դարձաւ բոլորին սէրն ու յարգանքը վայելող պատկառելի հեղինակութիւն:
Կարօ Սասունի խորապէս ուսամնասիրած է հայ ազգային ազատագրական շարժման, Մեծ եղեռնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առնչուող հարցեր, որոնց հիման վրայ գրած է շարք մը արժէքաւոր պատմական ուսումնասիրութիւններ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 82-ամեակին առիթով անոր գրած «Երկաթէ կամքով» յօդուածը այսօր ալ կը մնայ այժմէական եւ ուսանելի:
* * *
ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձները իրարու կը յաջորդեն nւ ես, վաթսուն տարիներէ ի վեր, խօսքով կամ գրուածքով, արտայայտուած եմ: Արտայայտուած` յուզումով եւ խորունկ ապրումներով: Սրտով ապրած, միտքով դատած, աչքովս տեսած իրողութիւնները միշտ ալիք տուած են ծովացած հոգեկան աշխարհիս մէջ, ու այսքան տարիներէ ետք, երբ առիթը կը ներկայանայ Դաշնակցութիւնը բնորոշելու, կը զգամ, թէ դեռ շատ ըսելիքներ ունիմ:
Եթէ միայն ութսունամեակները ըլլային հիմքը մեր գնահատութեան, բնական է, որ բնորոշումները կ՛արձանանային իրենց վերջնական կայքին վրայ: Բայց երբ խոր մտածենք կամ ապրումներու ալիքին յանձնենք մենք մեզ, Դաշնակցութեան երակներն ու անոնց մէջ շրջան ընող արիւնը դարերու տարածքին կը ծաւալին ու մեզ կը դնեն հայութեան դարաւոր մտահոգութեան, անոր լինելութեան հաւատամքին առջեւ: Այս բարդ հոգեբանութիւնը ինքնայատուկ է հայ ազգին եւ նոյնքան ինքնայատուկ ՀՅ Դաշնակցութեան:
Արիւնով հարազատ, ոսկորով ամրակազմ: Հետեւաբար` հաւատքով ու ըմբռնումով անսայթաք:
Որով, Դաշնակցութեան ութսուն եւ երկու ամեակը երբ կը տoնենք, մենք հոգեբանութեամբ, մեր դիրքին էութեան մէջ շրջան ընող զգայնութեամբ` դարերու հարստութեան մնացորդը գուրգուրանքով մեր կամեցողութեան մէջ կ՛առնենք, վաղուան պայծառ առաւօտները դիմաւորելու համար:
Վերածնունդի երկունքէն աշխարհ եկաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ունեցաւ այն բարդ հոգեբանութիւնը, որ հայ ժողովուրդի բարդ պատմութենէն ժառանգութիւն կը մնար իրեն: Սովորական կեանքի ելեւէջները իրենց առօրեայ ճամբան կը կտրեն երբեմն ձախողանքով, երբեմն ալ յաջողութեամբ: Այդ փուլերէն շատ անցած է Դաշնակցութիւնը, բայց լինելութեան հաւատամքը մնացած է աներեր:
Առօրեայ կեանքը թոյլ չի տար, որ դաշնակցական անհատը կամ մարմինները այդ կոթողական կերպարանքն ըմբռնեն եւ այդպէս ալ կոթողուին: Սակայն երբ ամփոփուինք ու դատողութեան նստինք, կը վերադառնանք մեր աներեր կառոյցին: Ընկերական հանդիպում մը. բացօթեայ պտոյտ մը, որ ժամանակ վատնել կը նշանակէ, մէկ վայրկեանէն կը դառնայ խոր ապրումի, աներեր կամքի դարբնոց մը:
Երգը կ՛արձագանգէ.
«Երկաթէ կամքով, գնում ենք առաջ
«Երկաթէ կամքը, անզգալաբար կը թափանցէ դաշնակցականի էութեան բոլոր բջիջներուն մէջ: Այդ վայրկեանին, երգողներն ու լսողները այս կշիռը չունին իրենց մտքին մէջ, բայց զգացական հոսանքը ինքնամուղ իր դերը կը կատարէ, այսինքն կը դարբնէ երկաթէ կամքը:
Անդիէն ուրիշ ձայն մը մեզ անհաւատալի մտածումներու կը մղէ:
………………………………………
Երկաթէ մարդ քարէ հոգի
Վրէժխնդիր լինի թուրքին…
Ինչպէ՞ս հաւատալ պատգամին, երբ այնքան հայեր կոտորուեցան եւ ցրուեցան աշխարհէ աշխարհ: Գետնատարած եղան թշնամիին առջեւ, իրենց գոյութիւնը փրկելու համար:
Բայց գտնուեցան հայեր, nրոնք երկաթէ կամքէն յետոյ, երկաթէ մարդ դարձան ու քարէ հոգի ունեցան: Անվիճելի քաջութեամբ գործեցին եւ մահը արհամարհեցին, որովհետեւ քարէ հոգի ունէին, այսինքն` անմահ էին: Այս քաջութիւնը կու գար հազարամեակներէն ու հայը կը մնար երկաթի եւ քարի անմաշ կառոյցով:
Ուրիշ ազգ մը բնաջնջուած-վերջացած կ՛ըլլար: Հայը մնաց իր քարոտ երկրին պէս, քարացաւ, բայց չմեռաւ:
«Երկաթէ մարդ, քարէ հոգի»…
Թերեւս ոմանց համար անիմաստ, ոմանց համար նոյնիսկ ծիծաղելի, բայց միջազգային ամբողջ պատմութիւնը եթէ աչքէ անցընէք, պիտի չգտնէք ազգ մը, որ իր ազատագրական արիւնոտ պատմութեան ընթացքին երկաթէ մարդ եւ քարէ հոգի դառնար:
Հայը երկաթի եւ քարի պէս ամուր եղաւ:
Այս գերագոյն խորհուրդի ծնունդն է ներկայ Հայաստանը, տառապած հայու Հայաստանը:
Ով որ կ՛ուզէ ստուգել այս ճշմարտութիւնը, թող առանձին խօսի Հայաստանի քարերուն եւ բարձրաբերձ ժայռերուն հետ:


