Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուրապիշվիլի. «Վրաստանն Ու Հայաստանը Աշխարհի Հնագոյն Քրիստոնէական Երկիրներէն Են. Ատիկա Մեզ Ամուր Իրարու Կը Կապէ»

January 21, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ միասին աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական երկիրներէն է: Այս մասին «ՖոքսՆիուզ»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Վրաստանի նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի:

«Վաղը Վրաստանը կրնայ կա՛մ մեծ յաջողութիւն դառնալ Ամերիկայի համար, կա՛մ, ընդհակառակը, մեծ խնդիր` կովկասեան շրջանին մէջ, ուր Ռուսիան միշտ կ՛ուզէ առաւելութիւն ունենալ: Ասիկա նախ Ռուսական կայսրութեան, ապա Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ մնայուն նպատակն է», ըսած է ան:

Զուրապիշվիլի նշած է, որ Ռուսիան Վրաստանի մէջ, ինչպէս Ռումանիոյ եւ Մոլտովայի մէջ, սկսած է կիրարկել «նոր ռազմավարութիւն»: Ան ըսած է, որ Ռուսիան կ՛անտեսէ ժողովրդավարութիւնը եւ այս երկիրներու Սահմանադրութիւնը եւ ընտրութիւններու միջոցով կը փորձէ իշխանութեան բերել իրեն հաւատարիմ «խամաճիկ» վարչակարգեր:

Վրաստանի 5-րդ նախագահը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները Վրաստանի կողքին են արդէն 30 տարիէ ի վեր:

«Միացեալ Նահանգներու ապագայ վարչակազմին համար ատիկա պիտի ըլլայ գլխաւոր հարցը: Ամերիկան վերջին 30 տարիներուն կանգնած եղած է Վրաստանի կողքին: Վրաստանը այն երկիրն է, որ ընդունած է օգնութեան մեծագոյն ծաւալներէն մէկը, որովհետեւ անիկա ռազմավարական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Ամերիկայի համար ուժանիւթի, առեւտուրի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ կապերու հարցին մէջ», ըսած է Զուրապիշվիլի:

Ան նաեւ ըսած է, որ Վրաստանն ու Հայաստանը աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական երկիրներէն են:

«Վրաստանը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ աշխահի հնագոյն քրիստոնէական երկիրներէն է: Մենք կ՛ըսենք, որ մենք ենք հնագոյնը, անոնք կ՛ըսեն` իրենք: Սակայն փաստը այն է, որ մենք երկուքս ալ հնագոյն քրիստոնեայ երկիրներ ենք, եւ ատիկա մեզ ամուր կը կապէ իրարու: Մենք Ամերիկայի կարիքը ունինք: Սակայն կը կարծեմ` Ամերիկան ալ մեր կարիքը ունի», յայտարարած է ան:

Նախորդը

Ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնը` Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու Ոսկեդարը Հիմա Սկսաւ»

Յաջորդը

Անգարա Բարձր Կը Գնահատէ 2 Յանցագործի Արտայանձնման Մէջ Հայաստանի Ցուցաբերած Գործակցութիւնը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի  Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան  Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

October 13, 2026
Հայաստանի Ազգային Ժողովը  Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը
Հայկական

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը

October 13, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.