Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Ռազմավարական Գործընկերութեան Կանոնադրութիւն Ստորագրեցին

January 16, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները 14 յունուարին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան մասին կանոնադրութիւն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Կը ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնախումբ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ընդլայնել համագործակցութիւնը տնտեսական, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ անձերու միջեւ յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ»:

Բացի ատկէ, Պլինքըն յայտարարեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կ՛աշխատին ամրապնդելու ջանքերը գերիշխանութեան եւ գերիշխան տարածքի պաշտպանութեան:

Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մաքսային ու սահմանային պարեկային խումբ պիտի ուղեւորուի Հայաստան` հայ գործընկերներու հետ աշխատելու սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման վրայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի ջանքերուն, Հայաստանի գերիշխան տարածքի ամբողջականութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելուն համար: Ան նշեց, որ Երեւանը յանձնառու է խաղաղութեան օրակարգին եւ ատոր իրագործման, ինչպէս նաեւ շարունակելու Միացեալ Նահանգներու հետ սերտ համագործակցութիւնը` այս հասարակաց նպատակին հասնելու համար:

«Մենք խորապէս կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու հաստատուն աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», նշեց ան:

Արարատ Միրզոյեան նաեւ ըսաւ, որ Երեւանը պատրաստակամ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ:

Ինչ կը վերաբերի կանոնակարգին, ան նշեց, թէ անիկա կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ ոլորտներ, ներառեալ տնտեսական եւ ուժանիւթային կապերու ամրապնդումը, հաղորդակցութիւնները, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համագործակցութեան խորացումը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը, արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խթանումը, նորարարութիւններու եւ բարձր ճարտարագիտութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու ընդլայնումը:

«Մենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ կը սկսինք բանակցութիւններ հիւլէական համագործակցութեան համաձայնագիրին շուրջ, որ յայտնի է իբրեւ «123-րդ համաձայնագիր»: Անիկա պիտի ընձեռէ խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման հարցին մէջ համագործակցութեան ծիր եւ պիտի նշանաւորէ մեր յանձնառութիւնը հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ զարգացման` ապահովութեան, անվտանգութեան եւ չտարածելու բարձրագոյն չափանիշերով», ըսաւ ան:

Արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան նաեւ յայտարարեց, թէ «համաշխարհային անվտանգութեան հանդէպ հասարակաց յանձնառութեան ոգիով» Հայաստանը մտադիր է միանալ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու միջազգային դաշինքին` «յաւելեալ ընդգծելով մեր նուիրուածութիւնը միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին»:

«Մենք կը հաւատանք, որ միացեալ գործողութիւնները էական նշանակութիւն ունին այս սպառնալիքը հասցէագրելու գործին մէջ», նկատեց ան:

Հայաստանցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարները` արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայընի ղեկավարութեամբ, անցեալ տարի Երեւանի մէջ գումարեցին Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան նիստ, որմէ ետք յայտարարեցին ռազմավարական երկխօսութեան կարգավիճակը ռազմավարական գործընկերութեան բարձրացնելու մասին:

Նախորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Յունուարին Տեսակցած Են Պաքուի Մէջ Ապօրինի Պահուող Հայերուն Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.