Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները այս տարուան յունուարին դարձեալ այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայերուն:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:
«Ձերբակալուածներու հետ անհատական հանդիպումներ տեղի ունեցած են, պայմաններ ստեղծուած են անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար», նշած է Հուսէյնովա: