Հայ եկեղեցին այսօր` յունուար 14-ին կը նշէ Յովհաննէս Մկրտիչի` Կարապետի ծննդեան տօնը:
Սուրբ Յովհաննէս Զաքարիա քահանայի եւ Եղիսաբէթի որդին է:
Զաքարիա քահանայ Տիրոջ տաճարին մէջ խնկարկելու ժամանակ աւետիս ստացաւ Գաբրիէլ հրեշտակէն, որ զաւակ մը պիտի ունենայ: Սակայն ծեր Զաքարիա թերահաւատութեամբ ընդունեց բարի լուրը եւ կասկածամտութեան համար, իբրեւ պատիժ, մինչեւ իր որդիին ծնունդը համր դարձաւ:
Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ տակաւին իր մօր` Եղիսաբէթի որովայնին մէջ, Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ ու խայտալով շարժեցաւ անոր արգանդին մէջ եւ երկրպագեց Սուրբ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ եղող Աստուծոյ Բանին:
Եղիսաբէթ իրեն այցելող Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին ըսաւ. «Ուրկէ՞ է ինծի այս ուրախութիւնը, որ իմ Տիրոջ մայրը մօտս կու գայ, որովհետեւ ահաւասիկ, երբ քու ողջոյնի ձայնը հասաւ ականջիս, մանուկը ցնծալով խաղաց իմ որովայնիս մէջ»:
Յովհաննէսի մանկութիւնը անցաւ առանձնութեան մէջ, Աստուծոյ ներկայութեան եւ շնորհներու հովանիին ներքեւ:
Հերովդէս թագաւոր Բեթղեհէմի մանուկները կոտորելու ժամանակ Եղիսաբէթ իր մանուկը առնելով անապատ փախաւ: Եօթը ամիս մայր ու որդի Աստուծոյ շնորհներով կերակրուեցան: Ապա հրեշտակին պատուէրով Եղիսաբէթ տուն վերադարձաւ` սգալու տաճարին մէջ սպաննուած Զաքարիայի մահը:
Յովհաննէս մինչեւ երեսուն տարեկան մարդոցմէ հեռու անապատին մէջ ապրեցաւ, սնանելով մորեխով եւ վայրի մեղրով:
Ապա Աստուծոյ խօսքը իջաւ Յովհաննէսի վրայ` պատուիրելով անոր երթալ Յորդանան գետի կողմերը եւ հոն քարոզել ապաշխարութեան մկրտութիւնը` մեղքերու թողութեան համար:
Յիսուս եկաւ Յովհաննէսի մօտ եւ մկրտուեցաւ անոր կողմէ:
Այսպիսով Յովհաննէս, Քրիստոսի Կարապետն ու Մկրտիչը, առաքուեցաւ մկրտութեամբ պատրաստելու Տիրոջ ժողովուրդը, որպէսզի անոնք արժանանան Աստուծոյ Որդիի հետ հանդիպման:
Քրիստոս մկրտուեցաւ Յովհաննէսի ձեռքով, որպէսզի լուսաւորէ աշխարհը եւ բանայ երկինքի դռները:
Այսպիսով Յովհաննէս մաքրեց Աստուծոյ ժողովուրդը, որպէսզի մարդկութիւնը արժանի դարձնէ ընդառաջ գալու Աստուծոյ Որդիին, որ կու գար Իր վրայ վերցնելու աշխարհի մեղքը:
Յիսուս Իր մկրտութեամբ երկինքէն երկիր իջեցուց Հօր խօսքը, աշխարհը մաքրեց մեղքերէն, դժոխքը աւերեց, Արքայութիւնը կառուցեց, եկեղեցւոյ հիմերը դրաւ եւ հաստատեց այն Աւազանը, որով պիտի լուար մարդոց մեղքերը եւ երկինքի արքայութեան պիտի արժանացնէր Իրեն հաւատացողները: