Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 20 – Ձայն Բարբառոյ Յանապատի՞» Հատորը

Յունուար 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը` «ՈՍՏԱՅՆ 20 – Ձայն բարբառոյ յանապատի՞»:

Այնտեղ ընտրովի ի մի բերուած են հեղինակին ընդհանրապէս (բայց ոչ միայն) հրապարակագրական էջերէն 285 գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են 1960-2024, գլխաւորաբար` «Յուսաբեր», «Հայաստան», «Հայրենիք, «Դրօշակ» ու մանաւանդ «Հորիզոն» թերթերուն մէջ:

Գիրքը կը բաղկանայ հինգ մասերէ, որոնք կոչուած են «Պատուհան» եւ, իրենց կարգին, կազմուած են զանազան բաժիններէ` ըստ նշուած նիւթերուն.

– Պատուհան առաջին` «Ինքնութիւն, ինքնաքննութիւն», «Լեզու եւ գրականութիւն», «Մամուլ», «Մշակոյթ», «Կրթութիւն»,

– Պատուհան երկրորդ` «Մայիս 28», «Հայաստան եւ Արցախ», «Հայրենիք-սփիւռք», «Սփիւռք», «Միասնականութիւն»,

– Պատուհան երրորդ` «ՀՅԴ – Կազմակերպական», «Երիտասարդութիւն», «ՀՕՄ, ՀՄԸՄ»,

– Պատուհան չորրորդ` «Ապրիլ 24», «Հայ դատ, պայքար», «Անհատ – հաւաքականութիւն»,

– Պատուհան հինգերորդ` «Մարդկային իրաւունքներ եւ արժէքներ»:

«Պատուհանները բանալէ առաջ…» վերնագրուած իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ. «Յօդուածները գրեթէ կամայականօրէն բաժնուած են այդ պատուհաններուն միջեւ, քանի որ մտածումի նոյն կարմիր գիծը կ՛անցնի անոնց բոլորին ընդմէջէն` շեշտելու համար հայերէնի ու հայերէն սորվելու ճիգի կարեւորութիւնը եւ ազգային ինքնութեան ու մարդկային այլ իրաւանց պահպանման ի խնդիր մնայուն պայքարի անհրաժեշտութիւնը: Ի հարկէ այդ կարմիր գիծը կարելի է տեսնել ցարդ լոյս տեսած բոլոր նախորդ 19 հատորներուս մէջ ալ»:

Գիրքը ձօնուած է Վրէժ-Արմէնի քննադատներուն, որոնց շնորհիւ, կ՛ըսէ ան, «Ես արթուն եւ լարուած կը պահուիմ…»:

Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժ. Արմենակ Եղիայեանին, որուն սուր աչքէն անցած են յատկապէս վերջին տարիներու գրութիւնները, իր կեանքի ընկերոջ` Նազիկ Գուլաքեան-Արթինեանին, որ` «Միշտ առաջին ընթերցողս ու սրբագրիչս կը հանդիսանայ», Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ կը շարագրէ չթուայնացած յօդուածները, William Justen de Vasconcellos-ի, որուն լուսանկարը անվճար տրամադրուած է զարդարելու համար գիրքին կողքը, եւ` Իշխան Չիֆթճեանին, որ իր Հայերէն blog կայքէջին վրայ սիրայօժար տեղ կը տրամադրէ հեղինակի հատորներուն:

Արդարեւ, ինչպէս ներկայ երկը, բոլոր միւս հատորներն ալ, բացի առաջին երեքէն, կարելի է կարդալ այստեղ` https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ:

Նախորդը

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Յովհաննու Կարապետի Ծննդեան

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?