Արժանթինեան Պելկրանօ ակումբը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեանի միացումը:
Այս փոխանցումը քանի մը շաբաթներէ ի վեր յստակացած էր, սակայն աւելի ուշ քիչ մնաց չեղեալ ըլլար: Սէուտական Ֆաթեհ ակումբը բոլոր թուղթերը չէր ներկայացուցած ՖԻՖԱ-ին, եւ Պելկրանօ նոյնիսկ յոյս չունէր, որ փոխանցումը կատարուի` նկատի ունենալով, որ Ֆաթեհի ներկայացուցած անհրաժեշտ փաստաթուղթերը պակաս էին:
Երէկ սակայն ամէն ինչ կարգաւորուեցաւ, եւ Լուքաս, որ արդէն իսկ Արժանթին կը գտնուէր, պաշտօնապէս միացաւ Պելկրանոյին:


